Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Կը Քննադատէ Հոլանտայի Խորհրդարանին Որոշումը՝ ՀՀ-ին Սպառազինութիւն Տրամադրելու Խնդրանքին Մասին

Պաքուն Կը Քննադատէ Հոլանտայի Խորհրդարանին Որոշումը՝ ՀՀ-ին Սպառազինութիւն Տրամադրելու Խնդրանքին Մասին

by MassisPost

Պաքուն կը քննադատէ Հոլանտայի խորհրդարանին որոշումը, որով Օրէնսդիրը Թագաւորութեան գործադիր մարմինին կոչ կ’ընէ դրական արձագանգելու Հայաստանին սպառազինութեան օգնութիւն տրամադրելու խնդրանքին։ Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու Պալատը նման որոշում ընդունած է նախօրէին։

Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու դաշնութեան փոխանցմամբ՝ հոլանտացի պատգամաւորները կառավարութենէն պահանջած են յստակացնել՝ աւելի քան 9 ամիս տեւած շրջափակումէ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յարձակումէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու արտագաղթը կը մտնէ՞ ցեղային զտումներու սահմանման տակ։

«{Փաստաթուղթը} ապակառուցողական է եւ մեր տարածաշրջանը կը մղէ ռազմականացման, այլ ոչ թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ հաշտեցման», ատրպէյճանական «ԱՊԱ» գործակալութեան ըսած է Հոլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ռախման Մուսթաֆաեւը։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը ԵՄ-ի կազմին մէջ Հոլանտայի դաշնակից Իտալիոյ հետ բոլորովին վերջերս ռազմական օդանաւերու ձեռքբերման գործարք կնքած է, մինչ այդ ալ՝ սպանական ռատարներ ձեռք բերած է Սպանիայէն, Հաուպիցներ՝ Չեխիայէն ու Սլովաքիայէն, որոնք ստացել է Իսրայէլի միջոցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment