Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակումը Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Առանցքային Տարր Է. Զախարովա

Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակումը Հայ-Ատրպէյճանական Կարգաւորման Առանցքային Տարր Է. Զախարովա

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման առանցքային տարր է, յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ատրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութեան տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ:

Յիշեցնելով, որ 2020-22 թուականներու Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմ համաձայնութիւններուն մէջ ամրագրուած տուեալ խնդիրով կը զբաղի եռակողմ աշխատանքային խումբը՝ երեք երկիրներու փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ, Զախարովա յայտնած է, որ այն մինչ օրս 12 նիստ կատարած է, որոնցմէ վերջինը՝ Յունիսին, եւ մանրամասն քննարկած է երկաթուղային ու ճանապարհային հեռանկարային երթուղիներու փաթեթը: Աշխատանքային խումբի 12-րդ նիստի արդիւնքներով արձանագրուած է յառաջընթաց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ձեւերու համաձայնեցման գործին մէջ, ըսած է Ռուսիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչը:

«Ընդհանուր ըմբռնում ձեռք բերուած է Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երթուղիով երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման եւ կազմակերպման ուղղութեամբ յստակ քայլերու իրականացման վերաբերեալ: Աշխատանքին մէջ կը շարժինք երկու երկիրներու փոխադարձութեան, ինքնիշխանութիւնը յարգելու եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներու պահպանման անհրաժեշտութենէն», ընդգծած է Զախարովան՝ յաւելելով, որ այս ուղղութեամբ յաջողութիւնը ազդակ պիտի հանդիսանայ եռակողմ աշխատանքի միւս ուղղութիւններուն համար, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման եւ սահմանազատման:

Թէեւ ատրպէյճանական գործակալութիւնը հրապարակման թէ՛ վերնագրին եւ թէ՛ գրութեան մէջ քանիցս օգտագործած է «Զանգեզուրի միջանցք» բառակապակցութիւնը, Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ներկայացուցիչը զայն հարցազրոյցին մէջ չի գործածեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment