Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Շատ Բարձր Կը Գնահատենք, Թէ Ինչպէս Ու Ինչպիսի Արժանապատիւ Ձեւով Հայաստանի Կողմէ Ընդունուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Փախստականները․ Լուիզ Մուշիքիվապօ

Մենք Շատ Բարձր Կը Գնահատենք, Թէ Ինչպէս Ու Ինչպիսի Արժանապատիւ Ձեւով Հայաստանի Կողմէ Ընդունուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Փախստականները․ Լուիզ Մուշիքիվապօ

by MassisPost

ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ֆրանքոֆոնի գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապոյի համատեղ մամուլի ասուլիսը, որուն ընթացքին վերջինս նշեց, որ եկածեն Հայաստան՝ վկայելու իրենց համերաշխութիւնը հայ ժողովրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան։ «Ես տեսած եմ հայ ժողովուրդին հիւրընկալութիւնը 2018 թուականին Երեւանի մէջ կայացած գագաթաժողովին, որու ժամանակ ընտրուած եմ Ֆրանքոֆոնի գլխաւոր քարտուղար եւ մեծ զգացմունքով եւ երջանկութեամբ կը վերադառնամ Հայաստան», ըսաւ Մուշիքիվապօն եւ ընդգծեց, որ կազմակերպութիւնը 88 պետութիւն կը համախմբէ, ՄԱԿ-էն յետոյ երկորդ մեծ համախմբումն է։

«Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի դրոյթները պէտք է պաշտպանուէին, մենք կը գտնէինք, որ այդ շատ կարեւոր է։ Այդ մասին մենք յաճախ խօսած ենք Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանին հետ, եւ այն պահէն, երբ ես անցած եմ իմ գործառոյթներուն, միշտ աջակցած եմ այն գաղափարին, որ հասնինք հաւասարակշիռ եւ արդար հանգուցալուծման՝ այս հակամարտութեան մէջ։ Ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ, որ աշխարհի մէջ հիմա կայ խառնաշփոթ ու անկանոն իրավիճակ, ուրկէ կու գան այս բոլոր բարդութիւնները, որովհետեւ բաւականին մեծ են հակամարտութիւնները եւ պատերազմները, որ այսօր կան։ Մենք շատ բարձր կը գնահատենք, թէ ինչպէս ու ինչպիսի արժանապատիւ ձեւով Հայաստանի կողմէ ընդունուեցան Լեռնային Ղարաբաղի փախստականները։ Երիտասարդ մը մեզի ըսաւ, որ այո՛ ես իմ երկրին մէջ եմ, բայց ես փախստական եմ»։

Լուիզ Մուշիքիվապօն խօսեցաւ նաեւ ԼՂ-ի մէջ մնացած փոքրաթիւ հայերու եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին։

Ան համերաշխութիւն յայտնեց այն ընտանիքներուն, որոնք ունին անյայտ կորսուած հարազատներ, ռազմագերիներ։

Մուշիքիվապօն յոյս յայտնեց, որ 2027-ին Ֆրանքոֆոնի խաղերը պիտի կայանան Հայաստանի մէջ՝ աւելի խաղաղ իրավիճակի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment