Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մեր Օրակարգը Հայաստանին Պաշտպանական Զէնքերու Վաճառքն Է». Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Նախարար

«Մեր Օրակարգը Հայաստանին Պաշտպանական Զէնքերու Վաճառքն Է». Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու Նախարար

by MassisPost

Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիուն Ծերակոյտին մէջ 2024 թուականի պաշտպանական պիւտճէի քննարկման ժամանակ ըսած է, որ այս շաբաթ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հետ վերջնական տեսքի պիտի բերեն համագործակցութեան գործնական եւ յստակ միջոցառումները։

Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Սետրիք Փերինը նիստի բացման խօսքին մէջ միջազգային հրատապ խնդիրներու շարքին նշած է նաեւ Հայաստանի վրայ կախուած սպառնալիքը։

Ի պատասխան, Լըքորնիուն ըսած է, որ սերտօրէն կը հետեւի Հայաստանի շուրջ ընթացող հոլովոյթներուն, փոխվստահութեան մթնոլորտ կայ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հետ։ Ան յիշեցուցած է, որ Ֆրանսան պաշտպանական առաքելութիւն բացած է Հայաստանի մէջ, եւ նշանակուած ռազմական կցորդի վրայ տեղեկատուական յարձակումներէն ինք կ’եզրակացնէ, որ այդ ամէնը արդիւնաւէտ է։

«Պետութեան ղեկավարը (նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը-Խմբ.) յստակ սահմանած է, որ մեր օրակարգը պաշտպանական զինատեսակներու վաճառքն է, քանի որ անոր շուրջ են Հայաստանի հետ մեր քննարկումները։ Ես աւելին չեմ ըսեր, թէ ինչ զէնքերի մասին է խօսքը՝ ճնշումներէն խուսափելու համար, որպէսզի այս ամէնը հնարաւոր ըլլայ իրագործել, բայց որոշ զինատեսակներ կրնան ըլլալ խիստ պաշտպանական եւ առաջին հերթին ծառայել կեանքերու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման», շարունակած է Լըքորնիուն:

Ան ծերակուտականները տեղեկացուցած է, որ յաջորդ շաբաթ (քննարկումը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 11-ին) կապի մէջ պիտի ըլլայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ՝ գործնական եւ յստակ միջոցառումները վերջնական տեսքի բերելու համար։

«Դուք կը տեսնէք, որ Ֆրանսան հաւատարիմ է Հայաստանին, ես անձամբ շատ ներգրաւուած եմ եւ ազդուած այն ամէնէն, ինչ տեղի կ’ունենայ եւ կը կարծեմ, որ սա նաեւ Ֆրանսայի շահն է», եզրափակած է Ֆրանսայի Զինուած Ուժերու նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment