Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանն Ու Լուիս Պոնօն Անդրադարձած Են Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Եւ Կարեւորած Անոր Շարունակականութեան

Նիկոլ Փաշինեանն Ու Լուիս Պոնօն Անդրադարձած Են Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Եւ Կարեւորած Անոր Շարունակականութեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ Լուիս Պոնօն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ կարեւորաղ անոր շարունակականութիւնը:

Միտքեր փոխանակուած են Կրանատայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին քառակողմ հանդիպման շուրջ:

Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով 100 հազարէ աւելի մեր հայրենակիցներու բռնի տեղահանութեան հետեւանքով առկայ մարդասիրական իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներու լուծման քայլերուն վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող թեմաներու:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment