Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Յայտարարած Է, Որ Պատրաստ Է Գալու Հայաստան Կամ Ռուսիոյ Մէջ Ընդունելու Փաշինեանը

Փութին Յայտարարած Է, Որ Պատրաստ Է Գալու Հայաստան Կամ Ռուսիոյ Մէջ Ընդունելու Փաշինեանը

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ պատրաստ է գալու Հայաստան կամ Ռուսիոյ մէջ ընդունելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ հնարաւորութիւն ըլլայ: Փութին այս մասին յայտնած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին։

«Մենք անոր (Փաշինեանի – Խմբ.) հետ կապի մէջ ենք, եւ անոր հրաւէրը կայ, եւ մեր հրաւէրը կայ Ռուսաստան։ Մենք բոլորս հասուն մարդիկ ենք, կը հասկնանք, թէ ինչ կը կատարուի այնտեղ։ Սա Ղարաբաղի հայերու ողբերգութիւնն է։ Անոր համար, հաւանաբար, այժմ ուղեւորութիւններու ժամանակը չէ: Բայց մենք կապի մէջ կը մնանք, կ’աշխատինք իր հետ», ըսած է Փութին։

Անոր խօսքով՝ երբ բնական իրավիճակ կը ստեղծուի, ան կու գայ Հայաստան, իսկ Փաշինեանը՝ Ռուսաստան։

«Համապատասխան ծրագիրը կայ, մեր բոլոր ծառայութիւնները կ’աշխատին, կապի մէջ են ե՛ւ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, ե՛ւ կառավարութեան տնտեսական պլոքը: Մեր մօտ աշխատանքները չեն դադրած։ Աշխատանքը կը շարունակուի», եզրափակած է Փութին։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment