Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Յառաջիկայ Օրերուն ԼՂ-ի Մէջ Այլեւս Հայ Պիտի Չմնայ. Փաշինեան

Յառաջիկայ Օրերուն ԼՂ-ի Մէջ Այլեւս Հայ Պիտի Չմնայ. Փաշինեան

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ելքը Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղային զտումներու հետեւանքով կը շարունակուի, կառավարութեան նիստին յայտնեց վարչապետ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ վերլուծութիւններուն համաձայն յառաջիկայ օրերուն ԼՂ-ի մէջ այլեւս հայ պիտի չմնայ:

«Սա էթնիկ զտման ու հայրենազրկման ուղղակի արարք է եւ այն ինչի մասին մենք ահազանգում էինք միջազգային հանրութեանը: Միջազգային տարբեր խաղացողների կողմից ցեղային զտումները դատապարտող յայտարարութիւնները կարեւոր են, բայց եթէ դրանց չհետեւեն յստակ գործողութիւններ, այդ յայտարարութիւնները պատմութեան համար բարոյական վիճակագրութիւն ստեղծելու շարքում կը դիտուեն, որպէսզի հետագայում տարբեր երկրներ իրենց այս յանցագործութիւնից պաշտօնական առումով տարանջատելու հնարաւորութիւն ունենան՝ ասելով մենք դատապարտել ենք», ըսաւ Փաշինեան:

Ըստ վարչապետին՝ դատապարտումներուն ճշգրիտ իրաւական ու քաղաքական որոշումներ պէտք է հետեւին, եթէ ոչ, ապա «դատապարտումները կը դառնան տեղի ունեցողին համաձայնուելու լուռ արարքներ»:

Փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի խօսքով՝ բոլորը չէ, որ սեփական ինքնաշարժներ ունին, «հետեւաբար երբ հոսքը քիչ մը թեթեւնայ, պիտի կազմակերպեն այն անձերու տեղահանում, որոնք դեռ Ստեփանակերտի մէջ են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment