Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փրոֆ. Իւմիթ Քուրդի Հրապարակային Ասուլիսը Այնթապի Հնչակեան Կուսակցութեան Գործունէութեան Մասին

Փրոֆ. Իւմիթ Քուրդի Հրապարակային Ասուլիսը Այնթապի Հնչակեան Կուսակցութեան Գործունէութեան Մասին

by MassisPost

Անցեալ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023, երեկոյեան ժամը 8:00ին, ընտրանի բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Փասատինայի Հ.Կ.Բ.Մ.ի սրահը, ունկնդրելու թուրք անուանի պատմաբան եւ ԱՄՆ-ի համալսարաններու մէջ դասախօս ֆորֆ. Իւմիթ Քուրդի շահեկան ասուլիսը, նուիրուած Այնթապի ՍԴՀԿ-ի գործունէութեան:

Սոյն միջոցառումի կազմակերպիչ «Մասիս» շաբաթաթերթի հրատարակչական Մարմնի անդամ եւ օրուան հանդիսավար իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան, իր բացման խօսքին մէջ ողջունելէ ետք ներկայ հասարակութիւնը, համառօտ գիծերով ներկայացուց հիւր դասախօս Իւմիթ Քուրդը, որպէս ԱՄՆ-ի տարբեր համալսարաններու պատմութեան դասախօս եւ հեղինակ արժէքաւոր հատորներու: Ապա հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի եւ Հայաստանի նահատակներու յիշատակը:

Յարգարժան դասախօսը` ամփոփ կերպով պատմականն ըրաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, կառուցուածքին, գաղափարախօսութեան եւ վարած յեղափոխական ու ազատագրական շարժումներուն մասին:

Իւմիթ Քուրդ մասնաւորաբար կեդրոնացաւ Կիլիկիոյ շրջանի եւ առանձնապէս անդրադարձաւ Հերոսական Այնթապ քաղաքի Հնչակեան կուսակցութեան տարբեր կառոյցներու ազատագրական շարժումներուն մասին, որոնք կը մղուէին յանուն արդարութեան եւ ընդդէմ բռնաճնշումներուն: Այնթապի Հնչակեան ազատամարտիկներն անմիջական հաղորդակցութիւններու մէջ էին մերձակայ քաղաքներու յեղափոխական շարժումներու հետ: Որոշ պարագաներու բերումով, համագործակցութեան մէջ էին նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ, դիմակալելու համար սպառնացող ընդհանուր վտանգները շրջանի հայութեան դէմ:

Ի. Քուրդ յատկապէս շեշտեց Ատանայի կոտորածը եւ սուլթաանկան վարչակարգի հայահալած քաղաքականութեան հետեւանքով ստեղծուած մեծ տեղաշարժը: Արդարեւ Հնչակեան ազատամարտիկներն անտարբեր չի մնալով, ստեղծեցին ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ եւ կազմակերպուած ռազմավարութեամբ առաջքն առին նոր կոտորածներու, որոնք սակայն… երկար չտեւեցին: Կարելի չէ մոռնալ մեծ ջարդերը 1890-ին, 1909-ին եւ ի մասնաւորի 1915-ի ցեղասպանութիւնը: Յաջորդող տարիներուն եւս շարունակուեցան անմարդկային արարքները եւ վերապրող հայերն ստիպուեցան արտագաղթել դէպի օտար հորիզոններ: Սակայն կային նաեւ սահմանափակ թիւով այլ հայեր, որոնք Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան առթիւ «արդարութիւն» եւ հաւասարկութեան «բարիք»ներէն օգտուելու համար իրենց ծննդավայրերը վերադարձան: Բայց… դարձեալ դէմ յանդիման գտնուեցան տխուր եւ դաժան իրականութիւններու դիմաց եւ հարկադրաբար լքեցին տուն-տեղ, հաստատուելով Հալէպ եւ կամ այլ տեղեր« աջակցութիւն ստանալով ամերիկեան ու այլ որբախնամ եւ մարդասիրական ընկերութիւններէն:

Դժբախտաբար աւելի քան դար մը ետք` պատմութիւնն ինքզինք կը կրկնէ: Երբեմնի անհայրենիք ատրպէյճանցին` այսօր իր թուրք եղբօր աջակցութիւնը վայելելով, կը գործադրէ իրեն ժառանգ մնացած ցեղասպանութիւնը:

Ասուլիսի աւարտին` տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին, հիւրասիրութիւն եւ մակագրութիւն Փրոֆ. Իւմիթ Քուրդի հրատարակած հատորներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment