Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Մայր Հայաստան»ը Պատրաստ Է Իր Քուէն Տալու Հայկ Մարութեանին

«Մայր Հայաստան»ը Պատրաստ Է Իր Քուէն Տալու Հայկ Մարութեանին

by MassisPost

«Մայր Հայաստան» դաշինքը կը վերահաստատէ՝ «Քաղաքացիական Պայմանագրին» Երեւանի մէջ իշխանազրկման համար պատրաստ են աջակցելու քաղաքապետի այն թեկնածուին, որ կը յայտարարէ, որ կը կիսէ Հայաստանի մէջ ամբողջական իշխանափոխութիւն իրականացնելու իրենց դիրքորոշումը:

«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը որպէս քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած է Հայկ Մարութեանին, որ հրապարակաւ ընդունած է «Մայր Հայաստանի» դիրքորոշումը ամբողջական իշխանափոխութեան անհրաժեշտութեան մասին:

Եթէ ոչ-իշխանական դաշտին մէջ հաստատուի համախոհութիւն, ապա «Մայր Հայաստան» դաշինքը իր մանտաթներով պիտի նպաստէ Երեւանի մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագրի» իշխանազրկման գործընթացին եւ պիտի օգնէ ոչ-իշխանական դաշտէն նոր քաղաքապետի նշանակման՝ իր քուէն տալով «Ազգային առաջընթացի» ներկայացուցած քաղաքապետի թեկնածուին՝ Հայկ Մարութեանին», ըսուած է դաշինքի յայտարարութեան մէջ:

Արձագանքելով «Մայր Հայաստան» դաշինքի եւ «Հանրային Ձայն» կուսակցութեան կատարած առաջարկին՝ Հայկ Մարութեան ըսաւ. «Մենք բազմիցս դա յայտարարել ենք, որ մեր խումբը, մեր քաղաքական ուժը կարծում է, որ՝ այո՛, Հայաստանում պէտք է լինի ընդհանուր իշխանափոխութիւն»:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու անցողիկ շեմը յաղթահարած են
«Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը (24 մանտաթ), «Ազգային Առաջընթաց»ը՝ (14 մանտաթ), «Մայր Հայաստան»ը՝ (12 մանտաթ), «Հանրապետութիւն»ը՝ (8 մանտաթ), «Հանրային Ձայն»ը՝ (7 մանտաթ):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment