Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Ռուբէն Վարդանեանին «Ահաբեկչութիւնը Ֆինանսաւորելու» Մեղադրանք Առաջադրած Է

Պաքուն Ռուբէն Վարդանեանին «Ահաբեկչութիւնը Ֆինանսաւորելու» Մեղադրանք Առաջադրած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մեղադրանք առաջադրած է Ռուբէն Վարդանեանին:

Պետական ​​Անվտանգութեան Ծառայութեան տեղեկատուութեան մէջ կ’սըուի.

«Հաւաքուած ապացոյցներու հիման վրայ բացայայտուած են յանցաւոր արարքներու էական կասկածներ 1968 թուականին ծնուած Ռուբէն Կառլենովիչի Վարդանեանի նկատմամբ, որ ներկայիս կը հանդիսանայ ՀՀ քաղաքացի՝ 214-1 յօդուածներով (ահաբեկչութեան ֆինանսաւորում), 279.3 (մասնակցութիւն օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներու կամ խումբերու ստեղծման եւ գործունէութեան մէջ) եւ ԱՀ ՔՕ 318.1 (Օտարերկրացիի կամ քաղաքացիութիւն չունեցող անձի ապօրինի ժամանումը Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն):

Անոր առաջադրուած մեղադրանքին համաձայն՝ պարզուած է, որ Ռուբէն Վարդանեանը, ըլլալով օտարերկրեայ քաղաքացի, 2022 թուականի Սեպտեմբերին ահաբեկչական սադրիչ գործողութիւններ կատարելու նպատակով ապօրինի հատած է ԱՀ պետական ​​սահմանը՝ շրջանցելով անցակէտերը եւ մուտք գործած է ՀՀ տարածք։

Անոր առաջադրուած մեղադրանքին համաձայն՝ պարզուած է, որ Ռուբէն Վարդանեանը, ըլլալով օտարերկրեայ քաղաքացի, 2022 թուականի Սեպտեմբերին ահաբեկչական սադրիչ գործողութիւններ կատարելու նպատակով ապօրինի հատած է ԱՀ պետական ​​սահմանը՝ շրջանցելով անցակէտերը եւ մուտք գործած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղարաբաղեան տնտեսական շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու ժամանակաւոր տեղակայման տարածք, մասնակցած է ԱՀ օրէնսդրութեամբ չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներու ձեւաւորման ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մասնակցած է զէնքի, զինամթերքի, պայթուցիկ նիւթերու, ռազմական սարքի եւ բանակային իրերու մատակարարման այդ ապօրինի ռազմական կազմաւորումներուն, որոնք յարձակումներ իրականացուցած են գերատեսչութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու վրայ, որոնք յանգեցուցած են մահուան եւ այլ ծանր հետեւանքներու։

Բացի անկէ, Վարդանեան մասնակցած է ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման՝ միջոցներ յատկացնելով այդ ապօրինի զինուած խմբաւորումներու ահաբեկչական գործունէութիւնը կազմակերպելու համար։ Կատարուած ապօրինի գործողութիւններուն համար Ռուբէն Վարդանեանը 2023 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին ձերբակալուած է եւ որպէս մեղադրեալ ենթարկուած է քրէական պատասխանատուութեան, անոր նկատմամբ դատարանին որոշմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը։ Քրէական գործով քննչական միջոցառումները կը շարունակուին»։

Ատրպէյճանցիները ռուսաստանցի գործարար եւ բարերար, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը բերման ենթարկած են Լաչինի միջանցքին վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment