Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Վարչապետին Նկատմամբ Բռնութիւն Գործադրելու Կոչեր Հնչեցնելու Համար Ձերբակալուած Է Մ. Շուշանեանը

ՀՀ Վարչապետին Նկատմամբ Բռնութիւն Գործադրելու Կոչեր Հնչեցնելու Համար Ձերբակալուած Է Մ. Շուշանեանը

by MassisPost

2023թ. Մայիս 9-ին «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» եութուպեան էջով զետեղուած է «Նիկոլի ֆիզիքական ոչնչացումը միանգամայն արդարացուած է». Մուշեղ Շուշանեան» վերտառութեամբ տեսանիւթ, որուն ընթացքին Մ. Շուշանեանը ՀՀ վարչապետին նկատմամբ, քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած, հնչեցուցած է բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր, արդարացուցած է նմանօրինակ գործողութիւնները:

Շարունակելով իր յանցաւոր՝ բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու, բռնութիւնը հրապարակայնօրէն արդարացնելու եւ քարոզելու, ինչպէս նաեւ՝ այդ նպատակով նիւթեր տարածելու գործունէութիւնը, իր ֆէյսպուքեան «Mushegh Shushanyan» անուամբ գրանցուած էջով, Մ. Շուշանեան այսօրինակ բովանդակութեամբ գրառում կատարած է նաեւ Սեպտեմբեր 22-ին, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Հայոց զարթօնքը կարող է սկսուել մի պայմանով միայն՝ եթէ կիկոլը ու ողջ հայրենավաճառների խմբակը ինքնաբուխ տարերային կերպով մահապատժուեն»:

Մէկ այլ գրառման մէջ ալ օգտատէրը գրած է. «կիկոլին, դրա կուտոկից ցանկացածին որտեղ բռնէք սատկացրէք, հնարաւորինս դաժան, բայց նաեւ արդիւնաւէտ, սաղ չմնան. ԱԱԾ, ոստիկանութիւն, սպասում եմ, եկէք, տարէք»:

Նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ գրառումներուն մէջ առերեւոյթ առկայ են յանցագործութեան յատկանիշեր՝ ՀՀ Քննչական Կոմիտէի ԵՔՔՎ Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու քննչական բաժնին մէջ նախաձեռնուած են քրէական վարոյթներ, որոնք, առարկայական եւ համակողմանի քննութիւն կատարելու նպատակով, միացուած են մէկ վարոյթով:

Մ. Շուշանեանի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 330-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտի յատկանիշերով:

Վարոյթի շրջանակներուն մէջ որոշում կայացուած է՝ դատարան ներկայացնելու նպատակով վերջինս ձերբակալելու վերաբերեալ:

Սեպտեմբեր 28-ին Մ․ Շուշանեանը ձերբակալուած է։ Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment