Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Յառաջիկայ Օրերուն Քայլեր Պիտի Ձեռնարկէ ԼՂ Միջազգային Դիտորդական Առաքելութիւն Ուղարկելու Ուղղութեամբ

ԱՄՆ Յառաջիկայ Օրերուն Քայլեր Պիտի Ձեռնարկէ ԼՂ Միջազգային Դիտորդական Առաքելութիւն Ուղարկելու Ուղղութեամբ

by MassisPost

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պիտի ողջունէ միջազգային դիտորդական առաքելութեան ուղարկումը Լեռնային Ղարաբաղ, եւ ԱՄՆ այդ ուղղութեամբ յառաջիկայ օրերուն պիտի աշխատի իր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ։ Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարությեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր։

«Կրնամ ըսել, որ մենք ողջունեցինք քիչ առաջ՝ նախքան իմ ամպիոն բարձրանալը, Ատրպէյճանի կառավարութեան մեկնաբանութիւնը այն մասին, որ անոնք պիտի ողջունեն նման միջազգային դիտորդական առաքելութիւնը։ Պետական քարտուղարը ուղղակիօրէն նախագահին (Խմբ՝.  Ատրպէյճանի) կը յորդորէր այդ ընել, եւ մենք ուրախ ենք տեսնելու, որ ան համաձայնեցաւ անոր։ Եւ մենք պիտի աշխատինք մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ յառաջիկայ օրերուն, որպէսզի վերջնական յստակ տեսք հաղորդենք այդ առաքելութեան», ըսած է Միլլըր։

Ան նաեւ կրկնած է այն շարք մը առաջնահերթ նպատակները, որոնց Ուաշինկթըն կ’ուզէ հասնիլ տարածաշրջանին մէջ, որոնք, Միլլըրի խօսքով, շեշտած են ինչպէս ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ գտնուող ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուըր եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմը։

«Առաջին՝ մենք կը փափաքինք տեսնել, որ զինադադարը կը պահպանուի, երկրորդ՝ մենք կ’ուզենք տեսնել, որ կը բաւարարուին մարդասիրական կարիքները, ինչ որ կը նշանակէ բաց պահել Լաչինի միջանցքը, ապահովել մարդասիրական մատակարարումներուն մուտքը։ Այդ նաեւ կը նշանակէ միջազգային դիտորդական առաքելութեան ուղարկում՝ երաշխաւորելու, որ այդ կարիքները բաւարարուին», նշած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը։

Մեթիու Միլլըր յաւելած է, որ ԱՄՆ կը փափաքի, ի վերջոյ, տեսնել, որ կողմերը կը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ, ուր կրնան վերջապէս հասնիլ արժանապատիւ, կայուն խաղաղութեան։ Ան շեշտած է, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարը ուղիղ շփումներու մէջ է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, իսկ ամերիկեան շարք մը պաշտօնյաներ ԼՂ-ի նկատմամբ Ատրպէյճանի վերջին օրերու բռնութիւններէն յետոյ այցելած են տարածաշրջան։

Շեշտելով, որ Ուաշինկթըն ըրած է ամէն բան, որպէսզի խնդիրը լուծուի դիւանագիտական ճանապարհով՝ Միլլըր նշած է, որ համաձայնութեան պէտք է հասնին նոյն ինքն կողմերը, որոնք ունին ուղիղ տարաձայնութիւններ։

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը նաեւ անդրադարձած է Ռուսաստանի դերին վերջին օրերու ընթացքին։

«Անշուշտ, չեմ կարծեր, որ Ռուսաստանը արդիւնաւէտ դեր կատարած է վերջին շաբթուան ընթացքին։ Մենք երբեմն տեսած ենք, որ որոշ պարագաներու անոնք նպաստած են բանակցութիւններուն, եւ մենք այդ ողջունած ենք, սակայն, անշուշտ, վերջին շաբթուան ընթացքին անոնց դերը ադիւնաւէտ չէ եղած այս իրավիճակին մէջ», ըսած է պաշտօնեան։

Ան նաեւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալութեան։

«Մենք տեղեակ ենք ձերբակալութեան մասին։ Մենք ուշադիր կը հետեւինք իրավիճակին», եզրափակած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment