Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերկէյ Սմբատեանը Եւ Անոր Հայրը՝ Արմէն Սմբատեանը, 100-ական Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուած Են

Սերկէյ Սմբատեանը Եւ Անոր Հայրը՝ Արմէն Սմբատեանը, 100-ական Միլիոն Դրամ Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուած Են

by MassisPost

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեանը եւ անոր հայրը՝ Իսրայէլի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեանը, 100-ական միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած են: Տեղեկութիւնը  յայտնած է գլխաւոր դատախազի խորհրդական Լուսինէ Մարտիրոսեանը:

Ըստ անոր՝ նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած տուեալներու հիման վրայ հսկող դատախազը որոշում կայացուցած է դատարանին կողմէ ընտրուած խափանման միջոցը փոխելու եւ Սերկէյ Սմբատեանի նկատմամբ գրաւ կիրառելու մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment