Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան ԱՄԷ Նախագահին Հետ Քննարկած Է Տարածաշրջանային Վերջին Զարգացումները

Միրզոյեան ԱՄԷ Նախագահին Հետ Քննարկած Է Տարածաշրջանային Վերջին Զարգացումները

by MassisPost

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամմատ Պըն Զայետ Ալ Նահեանը ընդունած է պաշտօնական այցով Ապու Տապի գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր՝ այս ծիրին մէջ կարեւորելով բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու իրականացումն ու միջազգային հարթակներու մէջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութունը:

ԱՄԷ նախագահը եւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը անդրադարձ կատարած են տարբեր բնագաւառներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն, միտքեր փոխանակած են նոր հեռանկարային ուղղութիւններով համատեղ ծրագրերու կեանքի կոչման շուրջ: Երկուստեք գոհունակութիւն արտայայտուած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման առնչութեամբ՝ ընդգծելով Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ առկայ զգալի ներուժը աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ էմիրաթական ընկերութիւններուն համար ստեղծուած է անհրաժեշտ բարենպաստ գործարար միջավայր։

Հանդիպման օրակարգի առանցքային հարցերէն  եղած են նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ անվտանգային իրավիճակին՝ Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ Ատրպէյճանը իր առաւելապաշտական նկրտումներով եւ նախայարձակ գործողութիւններով կը խոչընդոտէ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը:

Նախարար Միրզոյեան ԱՄԷ նախագահին ներկայացուցած է շուրջ 9 ամիս տեւող Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման հետեւանքով ԼՂ 120.000 բնակչութեան եւ յատկապէս խոցելի խումբերուն առջեւ ծառացած բարդ մարդասիրական մարտահրաւէրները՝ շեշտելով, որ ի հեճուկս Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի երկու որոշումներուն եւ միջազգային բազմաթիւ գործընկերներու հասցէական կոչերուն, Ատրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել Լաչինի միջանցքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment