Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի Տեղակալը Զրուցած Է Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հետ

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարի Տեղակալը Զրուցած Է Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հետ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 8-ին արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի հետ, յայտնած է է ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

«Միրզոեանը վերահաստատել է 2020-ի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի երկու որոշումների համաձայն Ատրպէյճանի կողմից Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման վերացման անհրաժեշտութիւնը։ Ընդգծուել է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի` ԼՂ անխափան մուտքի եւ մարդասիրական գործունէութեան ապահովման կարեւորութիւնը։ Նախարարը անդրադարձ է կատարել Ատրպէյճանի ապակառուցողական վարքագծին, իր իսկ կողմից ստանձնած պարտաւորութիւններին եւ միջազգային հանրութեան յստակ կոչերին անարգանքին, ԼՂ-ում ցեղային զտումներ իրականացնելու համակարգային քաղաքականութեանը։ Ընդգծուել է Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ իրաւունքների եւ անվտանգութեան երաշխիքների շուրջ քննարկումների համար միջազգային գործուն մեխանիզմի ներդրման անհրաժեշտութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալի պաշտօնակատարը հեռախօսազրոյց ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ատրպէյճանական «Report» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով այդ երկրի ԱԳՆ-ին, կը հաղորդէ, որ քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր։

Պայրամով նշած է, թէ «Ատրպէյճանի դէմ աճող ռազմաքաղաքական սադրանքներու եւ իրավիճակը խեղաթիւրող ճարպիկութիւններու լոյսին տակ Հայաստանի քարոզչութիւնը ուղղուած է միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելուն, եւ այն չ’արտացոլեր իրականութիւնը։ Ատրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավարը նաեւ անընդունելի համարած է «Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը վերահամարկելու ջանքերը» խոչընդոտելը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment