Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հիմնազուրկ Են ԼՂ-ի Հիմնախնդրի Յանգուցալուծուած Ըլլալու Մասին Բոլոր Յայտարարութիւնները. Փաշինեան

Հիմնազուրկ Են ԼՂ-ի Հիմնախնդրի Յանգուցալուծուած Ըլլալու Մասին Բոլոր Յայտարարութիւնները. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանը կ’ակնկալէ, որ միջազգային հանրութիւնը ջանքեր կը գործադրէ` թոյլ չտալու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան իրականացումը, Արցախի անկախութեան հռչակագրի ընդունման օրուայ առիթով տարածած իր ուղերձին մէջ յայտարարեց  Հայաստանի վարչապետը:

Փաշինեան շեշտեց որ, Ղարաբաղի ժողովուրդը ցեղային զտման առջեւ կանգնած է Լաչինի միջանցքի շրջափակման, առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերքի, գազի եւ էլեկտրականութեան մատակարարումներու Դադարեցման պատճառով:

«Ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ ընդգծել` հիմնազուրկ են Լեռնային Ղարաբաղի` որպէս տարածքային միաւոր գոյութիւն չունենալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի յանգուցալուծուած լինելու մասին բոլոր յայտարարութիւնները, քանի դեռ անբեկանելիօրէն հասցեագրուած չեն ԼՂ հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրները», – յայտարարեց  վարչապետը:

Փաշինեանի խօսքով` Հայաստանը, Լեռնային Ղարաբաղը եւ միջազգային հանրութիւնը յստակ կ’արձանագրեն, որ հակամարտութեան համապարփակ ու երկարատեւ կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս խաղաղ գործընթացի, այդ շարքին` միջազգային գործընթացի ներքեւ` Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով:

«Այսօր մենք մեր գնահատանքի խօսքն ենք ասում Լեռնային Ղարաբաղի մեր բոլոր հայրենակիցներին, եւ մեր խնդիրն է` խաղաղ, քաղաքակիրթ միջոցներով, բանակցային եղանակով ապահովել խաղաղ ապրելու եւ արարելու նրա անօտարելի իրաւունքըՙ, – ըսաւ Փաշինեան:

Փաշինեանի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակագրին նուիրուած ուղերձից Պաքուն արձագանքեց ըսելով թէ, Հայաստանի վարչապետը կասկածի տակ  դրած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Մենք վճռականօրէն կը քննադատենք եւ կը մերժենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` 2023 թուականի Սեպտեմբերի 2-ին հրապարակուած ուղերձը, որը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հանդէպ ունեցած պահանջներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ղարաբաղեան տարածաշրջանին մէջ անջատողականութեան խրախուսման հերթական վկայութիւնն է», – ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment