Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Իրավիճակը Սրընթաց Կը Վատթարանայ. Միշէլը Քայլեր Կ’առաջարկէ

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Իրավիճակը Սրընթաց Կը Վատթարանայ. Միշէլը Քայլեր Կ’առաջարկէ

by MassisPost

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը շարունակած է աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման յառաջխաղացման գործին մէջ, յայտարարած է Միշէի մամուլի խօսնակը՝ ընդգծելով, որ անոր վերջին շաբաթներու ջանքերը, որոնց կ’աջակցի Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, կեդրոնացած էին Ղարաբաղի հայերու մարդասիրական իրավիճակի լուծման վրայ:

Կը նշուի, որ ԵՄ յատուկ ներակայացուցիչ Քլաարը եւ նախագահ Միշէլի խումբը յաճախակի կապի մէջ եղած են Պաքուի, Երեւանի եւ Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ապաշրջափակման հարցով լուծում գտնելու համար։

Մարդասիրականա իրավիճակը այնտեղ արագօրէն կը վատթարանայ. հրամայական է քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի լուծուին տեղի բնակչութեան կարիքները, յայտարարած է խօսնակը՝ տեղեկացնելով, որ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը առաջարկած է քայլ առ քայլ մօտեցում, որ պիտի արտացոլէ Լաչինի միջանցքի լիարժէք շահագործման եւ Աղտամի երթուղիի բացման յաջորդականութիւնը։

«Այս քայլերուն յաջորդականութիւնը եւ բեռներու տեսակը, որ պիտի մատակարարուի այս ճանապարհներէն իւրաքանչիւրով, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող ընթացակարգերը, եղած են վերջին քննարկումներու առանցքին», ըսած է ան՝ շարունակելով․ «ԵՄ-ն համոզուած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուի՝ նախկին համաձայնագրերու եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի որոշման համաձայն։ Եւրոմիութիւնը կը նշէ, որ նաեւ Աղտամի ճանապարհով մատակարարումները կրնան ըլլալ հիմնական կարիքներու հրատապ եւ ամէնօրեայ ապահովման յստակ եւ կայուն լուծման մաս»:

Ըստ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին՝ այս տարրերուն շուրջ քննարկումները սկսած են 2023 թուականի Յուլիս 15-ին Պրիւքսէլի մէջ ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն յետոյ։ Պրիւքսէլը նաեւ ընդգծած է, որ Պաքուն պէտք է յստակացնէ Լաչինի միջանցքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստան վերադարձի ընթացակարգերը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն համար։

Զուգահեռաբար, Միշէլի խօսքով, փոխանակումները կեդրոնացած են նաեւ Ղարաբաղի հայերուն ելեկտրականուեան եւ կազի մատակարարումներու շուտափոյթ վերականգնման վրայ: Անմիջական իրավիճակէն բացի՝ ԵՄ կողմը շեշտած է հակամարտութեան ժառանգութիւնը լուծելու անհրաժեշտութիւնը՝ երկարաժամկէտ կայուն լուծումը հեշտացնելու համար:

«Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը այս առումով էական պիտի ըլլայ։ Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուին, իսկ յստակ ձեւերու շուրջ քննարկումները պէտք է սկսին հնարաւորինս արագ», ըսած է Շարլ Միշէլը։

Անոր խօսքով՝ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ երկխօսութիւնը վստահութեան եւ վստահութեան ամրապնդման կարիք ունի։

«Այդ նպատակով ԵՄ-ն տարբեր առաջարկներ ներկայացուցած է այս գործընթացին միջազգային աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման աջակցելու նպատակով այտեղ ներգրաւուելու համար: Վերոնշեալ բոլոր ջանքերը միայն մէկ նպատակ ունին՝ ապահովել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու անշրջելի կարգաւորումը՝ ի շահ այտեղ գտնուող բոլոր բնակիչներուն», ըսած է Միշէլը՝ եզրափակելով․ «Այժմ եկած է խիզախ փոխզիջումային լուծումներուն ժամանակը, նաեւ այսօրուայ մագլցումի լոյսին ներքոյ: ԵՄ-ն ներգրաւուած եղած է այլ միջազգային դերակատարներու հետ այդ ջանքերումն  էջկանոնաւոր անձնական շփումներու եւ կարծիքներու փոխանակման միջոցով, թէ ինչպէս լաւագոյնս լուծել ներկայ անկայուն իրավիճակը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment