Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Պաշտօնական Ճաշկերոյթի Մը Ընթացքին Նշուեցաւ ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Յանձնախումբի 5-Ամեակը

Պաշտօնական Ճաշկերոյթի Մը Ընթացքին Նշուեցաւ ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Յանձնախումբի 5-Ամեակը

by MassisPost

Կիրակի, Օգոստոս 27-ին, Պըրպէնքի «De Luxe» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան` ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Յանձնախումբի հիմնադրութեան 5-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ այս տարուայ կրթանպաստներուն արժանացած ուսանողներու մրցանակաբաշխութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչ` Նազելի Համբարձումեանը, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Վարիչ Մարմինի անդամներ ու Կազմակերպութեան բարեկամներ եւ համակիրներ:

Երեկոյի հանդիսավար Ստեփան Յովակիմեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀԿԲՄ-ի առաքելութեան եւ Հայ ուսանողներուն սատար կանգնելու կարեւորութեան, որպէսզի անոնք  արժանանան բարձր տիտղոսներու,  ապագային  մաս կազմելով նաեւ  մեր ազգային կեանքին` տարբեր բնագաւառներէ ներս:

Ապա, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց քանոնահար եւ երգչուհի` Նեկտարին Չիլեան, որ իր հրաշալի կատարումներով հմայեց ներկաները:

Ճաշի սպասարկումէն ետք ելոյթ ունեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօս` «UC Irvine» Համալսարանի Հայկական Ուսմանց Կեդրոնի դասախօս` Փրոֆ.  Հուրի Պէրպէրեանը:  Ան իր ելոյթին մէջ պատմական ակնարկ մը նետեց 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն  սկսեալ ծնուդ առած Հայ կանանց կազմակերպութիւններուն մասին, որոնց հիմնական նպատակը եղած է ուսման միջոցաւ զարգացնել իգական սեռի ներգրաւումը հասարակական կեանքէն ներս:

Ան իր խօսքին մէջ կարեւորեց ՀԿԲՄ-ի եւ Հայկական այլ կազմակերպութիւններու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս:

Բանախօսի ելոյթէն ետք տեղի ունեցաւ կրթանպաստներու յանձման արարողութիւնը` ձեռամբ Յանձնախումբի անդամներ` Թադէոս Քորողլեանի, Լուսին Պոյամեանի եւ Կարինէ Գոճապապեանի:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ 5-ամեակի կարկանդակի հատումը:

Երեկոն աւարտեցաւ հանդիսավար Ստեփան Յովակիմեանի խանդավառ ելոյթով:

2023-2024 Տարեշրջանի Կրթանպաստներ ստացան.

Ամերիկայէն`
Սառա Աբրահամեան
Սոֆիա Գէորգեան
Անի Հէքիմեան
Քէթրին Սարգիսեան
Արէն Աւետիսեան
Անի Մկրտչեան
Ճոզեֆ Դերցակեան-Հէրիս

Հայաստանէն`
Յակոբ Ճորճ
Աննա Ղարիպեան
Նուարդ Իզմիրլեան
Նանէ Պետրոսեան

Լիբանանէն`
Ծովիկ Գէոշկէրեան
Տալիտա Շարպարաշեան
Նուշիկ Զատիկեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment