Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Ընթացքին Բարձրաստիճան Սպաները Պայմաններ Ստեղծած Են, Որպէսզի Ենթակայ Անձնակազմը Մարտի Ժամանակ Հրաժարի Զէնքով Գործելէ․ ՔԿ

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմին Ընթացքին Բարձրաստիճան Սպաները Պայմաններ Ստեղծած Են, Որպէսզի Ենթակայ Անձնակազմը Մարտի Ժամանակ Հրաժարի Զէնքով Գործելէ․ ՔԿ

by MassisPost

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան մէջ քննուող քրէական վարոյթի նախաքննութեամբ պարզուած է, որ ՀՀ ՊՆ «N» բանակային զօրաբաժանումներէն մէկուն հրամանատարի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցուցած, կոչումով գնդապետ բարձրաստիճան սպան, ՀՀ Զինուած Ուժերու ներքին ծառայութեան կանոնագիրքի, այլ ղեկավար նորմատիւ ակտերու դրոյթներու համաձայն հանդիսանալով պետ ենթակայ անձնակազմին համար, օժտուած ըլլալով կազմակերպական-տնօրինչական գործառոյթներով, ունենալով հրամաններ, կարգադրութիւններ տալու եւ անոնց կատարումը ապահովելու իրաւասութիւն, 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին ՀՀ Կառավարութեան N 1586-Ն որոշմամբ յայտարարուած ռազմական դրութեան ժամանակ առանձնապէս ծանր յանցանք կատարելու մասին նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերած է ՀՀ ՊՆ «N» զօրամասի հրամանատարի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցուցած, կոչումով փոխգնդապետ բարձրաստիճան սպայի հետ։ Համաձայնութիւնը կայացած է անոր մէջ, որպէսզի դիտաւորութեամբ պայմաններ ստեղծեն, որ ենթակայ անձնակազմը մարտի ժամանակ հրաժարի զէնքով գործելէ:

Փոխլրացնելով միմեանց գործողութիւնները, գործելով խումբի կազմին մէջ՝ վերջիններս 2020թ. Հոկտեմբեր 19-ին զօրամասի շտաբին մէջ ենթակայ երկու ստորաբաժանումներու հրամանատարներուն հրաման տուած են խուճապ տարածել զօրամասի զինուորներուն մէջ, որպէսզի մարտի ժամանակ զօրամասի զինուորները հրաժարին զէնքով գործելէ։ Սակայն բարձրաստիճան սպաներու կամքէն անկախ հանգամանքներու մէջ այդ տեղի չէ ունեցած, քանի որ ենթակայ ստորաբաժանումներու հրամանատարները, հասկնալով տրուած հրամանին ապօրինի ըլլալը, այդ մասին ենթակայ զինուորներէն ոեւէ մէկուն չեն յայտնած:

ՀՀ ՊՆ «N» բանակային զօրաբաժանման հրամանատարի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցուցած, կոչումով գնդապետ եւ «N» զօրամասի հրամանատարի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցուցած, կոչումով փոխգնդապետ բարձրաստիճան սպաներուն մեղադրանք ներկայացուած է ՀՀ նախկին քրէական օրէնսգիրքի 35-380-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (կը համապատասխանէ գործող ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 43-546-րդ յօդուածի 2-րդ մասին): Վերջիններուս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը։

Յայտարարուած է նախաքննութեան աւարտ, վարոյթը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է հսկող դատախազին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment