Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Մաքրոն Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են․ Քննարկուած Է Տարածաշրջանին Մէջ Առկայ Իրադրութիւնը

Փաշինեան Եւ Մաքրոն Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են․ Քննարկուած Է Տարածաշրջանին Մէջ Առկայ Իրադրութիւնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանին մէջ առկայ իրադրութեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի օրէ օր խորացումը, ինչպէս նաեւ շեշտած է անոր յաղթահարման ու լուծման ուղղուած քայլերու անհրաժեշտութիւնը:

Զրուցակիցները ընդգծած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերուն կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment