Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Ծաղկաձորի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի Հետ

Նիկոլ Փաշինեան Ծաղկաձորի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի Հետ

by MassisPost

Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ, Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուսթինի հանդիպումը:

Ողջունելով Միխայիլ Միշուսթինը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` վարչապետը նշած է. «Շատ ուրախ եմ այս հանդիպման առիթով եւ յուսով եմ, որ այսօր կառուցողական քննարկում կ’ունենանք մեր երկկողմ յարաբերութիւնների օրակարգային հարցերի շուրջ։ Ի հարկէ, նաեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շրջանակներում նախատեսւում է շատ կարեւոր իրադարձութիւն։

«Նախ ցանկանում եմ անձամբ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ, այն բանի համար, որ Սոչիում մեր վերջին հանդիպման ժամանակ Դուք խոստացաք, որ շուտով կը բացուեն Վերին Լարսի անցակէտի նոր ուղիները։ Եւ դա տեղի ունեցաւ, սա շատ կարեւոր եւ նշանակալից իրադարձութիւն է մեր յարաբերութիւններում, քանի որ գիտէք` սովորաբար այնտեղ բազմաքիլոմեթրանոց հերթեր էին գոյանում։ Ի հարկէ, մենք շնորհակալ ենք ձեզ եւ մեր վրացի գործընկերներին։ Մենք շատ ուրախ ենք ձեր համագործակցութեան կապակցութեամբ։

«Պէտք է ասել, որ 2022 թուականի արդիւնքներով մեր ապրանքաշրջանառութիւնը կազմել է 5 միլիառ տոլար, եւ այդ աճը շարունակւում է։ Այս տարի այն արդէն գերազանցել է 3 միլիառ տոլարը։ Յուսով եմ, որ մինչեւ այս տարուայ վերջ կը գերազանցենք նախորդ տարուայ ցուցանիշը։ Մենք նաեւ շատ ամուր եւ ուժեղ յարաբերութիւններ ունենք։ Եւ ես վստահ եմ, որ մեր համագործակցութիւնը կը շարունակի մնալ արդիւնաւէտ։

«Ի հարկէ, մենք տարածաշրջանային առումով շատ խնդրայարոյց հարցեր ունենք, եւ այդ հարցերը միշտ քննարկում ենք մեր ռուս գործընկերների հետ։ Համոզուած եմ, որ այսօր կ’անդրադառնանք նաեւ այս հարցերին»:

Իր հերթին, Միխայիլ Միշուսթին նշած է. «Շնորհակալութիւն Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի հերթական նիստին հրաւէրի համար: Մենք պայմանաւորուեցանք կայացնել զայն այստեղ՝ Հայաստանի մէջ, եւ քննարկել ԵԱՏՄ-ի յառաջիկայ տասնամեակներու զարգացման ռազմավարութեան հետ կապուած ամենահրատապ խնդիրները։ Շնորհակալութիւն Ձեզի եւ հայ գործընկերներին բոլոր միջոցառումներու աւանդական գերազանց կազմակերպման եւ մեր ռուսական պատուիրակութեան հիւրընկալ ընդունելութեան համար։

«Մենք բարձր կը գնահատենք Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը, գործընկերութիւնը, դաշնակցային յարաբերութիւնները, չնայած արտաքին տնտեսական ծանր իրավիճակին, Դուք այս մասին ըսիք, Ռուսաստանի առեւտրատնտեսական կապերը Հայաստանի հետ կ’ամրապնդուին, առեւտուրը կ’աճի, եւ այդ մեզի կ’ուրախացնէ, այդ շարքին` կայ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան ազդեցութիւնը։ Մենք այստեղ կ’արձանագրենք բոլոր մասնակից երկիրներուն հետ փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան աճ։ Միջկառավարական յանձնաժողովի մասով, որ մեր կողմէ կը ղեկավարէ Ալեքսէյ Օվերչուքը, երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող նախաձեռնութիւններ կը մշակուին։ Մենք մշտական շփման մէջ ենք։ ։

«Այո՛, մենք խոստացած ենք, փոխադրութեան նախարարը, Մաքսային ծառայութեան պետը, Ալեքսէյ Օվերչուքը, գործընկերները, անոնք բոլորը շատ լուրջ կը վերաբերէին անոր, եւ մենք, ընդհանուր առմամբ, լրջօրէն կը վերաբերինք մեր բոլոր խոստումներուն եւ կը կատարենք զանոնք: Ինչ կը վերաբերի այլ նախաձեռնութիւններուն, մենք շարունակական կը համագործակցինք ուժանիւթի ոլորտին մէջ, խաղաղ միջուկային արդիւնաբերութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ ճանապարհային լոկիսթիքի ոլորտներուն մէջ: Կան շարք մը բարձր արհեստագիտական նախագիծեր։ Կը կարծեմ, որ մեր առեւտրային առաքելութիւնները, որոնք պարբերաբար կը ժամանեն, այդ շարքին Հայաստան, շատ լաւ ազդեցութիւն ունին ընդհանուր տնտեսական զարգացման վրայ։ Մենք կ’առաջարկենք արագացնել աշխատանքը մեր բոլոր համատեղ ուղղութիւններով՝ նորարարական նախագիծերու եւ տնտեսական զարգացման ոլորտին մէջ։

«Չափազանց կարեւոր է նաեւ շարունակել ընդլայնել ազգային արժոյթներու օգտագործումը մեր ընդհանուր նախագիծերուն մէջ, փոխադարձ առեւտուրին մէջ։ Վստահ եմ, որ այդ պիտի նպաստէ առեւտուրի աճին եւ կառուցուածքի զանազանութեան։ Մարդասիրական ոլորտին մէջ նոյնպէս աշխոյժ կ’աշխատինք, եւ Հայաստանի մէջ, ի դէպ, աւանդական մեծ հետաքրքրութիւն կայ ռուսական բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու հարցով։ Աւելի քան 5000 հայ ուսանող կը սորվի Ռուսաստանի համալսարաններուն մէջ։ Այստեղ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի մէջ ռուսերէնի ուսուցման որակի բարձրացման: Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, մանրամասն քննարկուած են այն տարրերը, որոնք կապուած են դասաւանդման որակի բարձրացման, նոր դպրոցներու կառուցման հնարաւորութեան հետ։ Եւ այստեղ մենք նոյնպէս ուրախ ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ռուսերէնի ուսուցիչները պարբերաբար կը վերապատրաստուին Ռուսաստանի մէջ։ Մինչեւ տարեվերջ հանրապետութեան բոլոր դպրոցներուն համար պիտի մատակարարենք նաեւ մօտ 50 հազար դասագիրք։ Մենք այս մասին կը խօսէինք Ձեր հետ, Դուք այդ մասին խօսած էք նաեւ նախագահին հետ։

«Մենք հետեւողականորէն հանդէս կու գանք Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական, փոխ:ադրութեան եւ լոկիսթիք կապերու ապաշրջափակման օգտին՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն։ Համոզուած եմ, որ նոր ենթակառուցուածքային ուղիներու ստեղծումը պիտի ապահովէ տարածաշրջանի կայուն տնտեսական զարգացումը եւ պիտի ամրապնդէ շփումները այստեղ ապրող մարդոց միջեւ»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment