Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ներդրումներու Ներգրաւման Մեծ Ծրագիր Ընդունած Ենք, Որ Լայնամասշտաբ Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Ներդրողներուն․ Քերոբեան

Ներդրումներու Ներգրաւման Մեծ Ծրագիր Ընդունած Ենք, Որ Լայնամասշտաբ Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրէ Ներդրողներուն․ Քերոբեան

by MassisPost

«Այսօր ընդունեցինք ներդրումների ներգրաւման ծրագիրը, որը շատ խոշոր ծրագիր է եւ իր մէջ պարունակում է լայնամասշտաբ աջակցութիւն ներդրողներին, որպէսզի այն ցուցանիշները, որոնք մենք կառավարութիւնում դրել ենք, հասնենք դրանց։ Պէտք է ասեմ, որ այդ առումով լաւ առաջ ենք գնում։ Նոյնիսկ առաջին կիսամեակի տուեալները ցոյց են տալիս, որ մենք շատ մօտ ենք կառավարութեան դրած թիրախներին հասնելուն», լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը։

«Այս ներդրումների ծրագրում կան այնպիսի տերմիններ, որոնք երբեւիցէ չեն եղել, օրինակ՝ համաշխարհային 500 ընկերութիւնների Հայաստան բերելու, լաւագոյն աշխարհի վաճառանիշերին Հայաստան բերելու աջակցութիւն։ Այսինքն՝ բառացանկը փոխուել է՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանն այսօր այլ զարգացուածութեան այլ մակարդակում գտնուող երկիր է», յաւելեց նախարարը։

Լրագրողի հարցումին՝ Ռուսաստանէն աժան ցորեն կը ներկրուի, հնարաւոր չէ՞, որ կառավարութիւնը հնարաւորութիւն տայ՝ տեղացիներուն աճեցուցած ցորենը առաջնահերթ իրացուի, Քերոբեան արձագանգեց. «Կառավարութիւնն արդէն խոշոր աջակցութիւն է ցոյց տուել ցորեն աճեցնողներին, անցեալ տարուայ աշնանացան ցորենի ծրագիրը  աշխատել է բաւականին յաջող, բայց Սեպտեմբերին եղած ռազմական գործողութիւնները չթողեցին, որ մենք Գեղարքունիքի եւ Սիսիանի համայնքներում ամբողջ ծաւալով իրականացնենք աշնանացանի ծրագիրը, այդուհանդերձ մօտ 13 հազար հեկտար աւելի ցանկատարածութիւն է մշակուել»։

Քերոբեան ըսա­ծ է, որ մէկ շունչին բաժին ինկող Համախառն ներքին արդիւնքը այս տարի պիտի անցնի 8000 տոլարը, ինչ որ կրկնակի աւելի է, քան 2020 թուականին էր։

«Այսինքն, մենք կտրուկ աճ ենք արձանագրում՝ որպէս երկիր, նաեւ՝ որպէս հասարակութիւն», յայտնեց Քերոբեան՝ յաւելելով, որ տնտեսվարողներուն ՀՀ կառավարութեան աջակցութեան գործիքներն ալ կը փոխուին՝ ըստ զարգացման կշռոյթներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment