Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Վարչակազմը Պէտք Է Գործէ․ Ատամ Շիֆի Կարծիքով՝ Հայ Ժողովուրդին Դէմ Եւս Մէկ Ցեղասպանութիւն Կրնայ Իրականացուիլ

ԱՄՆ Վարչակազմը Պէտք Է Գործէ․ Ատամ Շիֆի Կարծիքով՝ Հայ Ժողովուրդին Դէմ Եւս Մէկ Ցեղասպանութիւն Կրնայ Իրականացուիլ

by MassisPost

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի անդամ Ատամ Շիֆը X (նախապէս՝ Թուիթըր) ընկերային ցանցին մէջ տեսանիւթ հրապարակած է՝ ԱՄՆ իշխանութիւններուն կոչ ընելով գործելու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման վերջ դնելու համար: Գոնկրէսականը իր տեսաուղերձին մէջ ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, այդ շարքին՝ սնունդի, դեղորայքի եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներուն պակասը, որուն հետեւանքով մարդիկ սկսած են մահանալ։

«Այս հարցին հարկաւոր է լուծում տալ եւ հրատապ կերպով», նշած է Շիֆ։

Ան նաեւ յիշեցուցած է վերջերս Լաչինի միջանցքի արգելափակման հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած նիստի մասին՝ շեշտելով, որ «անոր, սակայն, ոչինչ չհետեւեցաւ»։

«Մեզի հարկաւոր է բանաձեւ, որ պիտի պահանջէ վերջ դնել միջազգային իրաւունքի այս խախտման… Եւ ԱՄՆ կառավարութիւնը, Պայտընի վարչակազմը պէտք է շատ աւելին ընեն։ Անոնք պէտք է Ատրպէյճանը զրկեն ռազմական օգնութենէն։ Անոնք պէտք է այնպէս ընեն, որ այս անօրինական շրջափակումը աւարտուի։ Մենք պէտք չէ որեւէ գումար տրամադրենք Ատրպէյճանին… Մենք չենք կրնար լռել: Վարչակազմը պէտք է խօսի, պէտք է գործէ, ինչ-որ բան պէտք է կատարուի, հակառակ պարագային՝ աւելի շատ մարդիկ պիտի մահանան», յայտնած է Շիֆ։

Գոնգրէսականը նաեւ յիշեցուցած է Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին մասին, որուն հետեւանքով հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան։

«Անոնք կը շարունակեն ռազմագերիները պահել ապօրինաբար, միջազգային իրաւունքի խախտումներով, զանոնք կը դատապարտեն առանց պատճառի: Ասոր պէտք է վերջ դրուի», ըսած է Շիֆ:

Ան նաեւ շեշտած է, որ առաջին հերթին հարկաւոր է դադրեցնել Լաչինի միջանցքին շրջափակումը:

«Ես խորապէս անյանգստացած եմ, որ եւս մէկ ցեղասպանութիւն կրնայ իրականացուիլ հայ ժողովուրդին դէմ: Վարչակազմը պէտք է գործէ», եզրափակած է գոնկրէսականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment