Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միքայէլ Մինասեանի Նկատմամբ Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

Միքայէլ Մինասեանի Նկատմամբ Հանրային Քրէական Հետապնդում Յարուցուած Է

by MassisPost

Սուրբ Աթոռի մէջ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է, կը տեղեկացնէ Գլխաւոր դատախազութիւնը։

Ըստ դատախազութեան՝ Մինասեան կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր գումարի՝ շուրջ 333 միլիոն 861 հազար 167 դրամի լուացման համար։

Մինասեան կ’անցնի «Ձորագէտ Հիտրոյի» գործով։ Դատախազութիւնը կը նշէ, որ դեռ 2010-ին Պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող «Ձորա ՀԷԿ» ՓԲ ընկերութեան 4 միլիառ 646 միլիոն 400 հազար դրամ շուկայական արժէքով գոյքը 3 միլիառ 600 միլիոն դրամով օտարուած է Մինասեանի կողմէ ղեկավարուող «Ձորագէտ Հիտրօ» ՍՊ ընկերութեան, իսկ Կառավարութիւնն ալ արտօնութիւն տալու նպատակով ամիսներ անց փոքր ջրելեկտրակայեաններու համար սահմանուած 10 Մվթ հզօրութեան փոխարէն առաւելագոյն հզօրութիւն սահմանած է մինչեւ 30 Մվթ հզօրութիւնը, արդիւնքով՝ մեծ ՀԷԿ հանդիսացող միակ՝ 26,4 Մվթ հզօրութեան «Ձորագէտ Հիտրօ» ընկերութեան ջրելեկտրակայեանը ընդգրկուած է փոքր ՀԷԿ-երու ցանկին մէջ:

Այնուհետեւ, ըստ Դատախազութեան, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովն ալ փոված է ելեկտրուժի վաճառքի սակագիներու հաշուարկման մեթոտաբանութիւնը եւ 2012-2016 թուականներու ընթացքին «Ձորագէտ Հիտրոյի» կողմէ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութիւն սպառող ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերէ յաւելեալ ստացուած է 3 միլիառ 750 միլիոն 837 հազար 591 դրամ:

Դատախազութիւնը կը նշէ, որ Մինասեանը քօղարկած է, որ ընկերութեան 30 տոկոս բաժնեմասերու իրական շահառուն է, որուն հետեւանքով 2011-2016 թուականներու ընթացքին ստացած է 1 միլիառ 113 միլիոն 698 հազար 628 դրամ շահաբաժին:

Ստացուած գումարներէն՝ առանձնապէս խոշոր չափերով 333 միլիոն 861 հազար 167 դրամ գումարը օրինականացնելու նպատակով Միքայէլ Մինասեանը վերոյիշեալ գումարները միախառնած է իր այլ եկամուտներուն հետ, ապա տարբեր դրամատնային գործարքներ կատարելու եղանակներով անոնց հաղորդած է օրինական տեսք, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Ձորագէտ Հիտրօ» ընկերութիւնը հիմնադրուած է Մինասեանի փոխկապակցուած անձերու՝ Ա.Պ.-ի եւ Լ.Ա.-ի կողմէ՝ Բրիտանական Վիրճինեան կղզիներուն մէջ հաշուառուած «էմ Ճի Տի Սի ինք.» առեւտրային ընկերութեան եւ «Վոտ Կրուփ» ՍՊ ընկերութեան միջոցով 2010 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին:

Դատախազութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ՝ քանի որ Մինասեանը 2008-էն 2012 ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալն էր, իսկ 2013 թուականէն մինչեւ 2018 թուական՝ Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպան, օրէնսդրական արգելքին հակառակ զբաղած է ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ։

«Ձորա ՀԷԿ»ի գործով առանցքային մեղադրեալներէն էր նաեւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը։ Երեք տարի շարունակուած քննութենէն յետոյ անոր փաստաբանը անցեալ շաբաթ յայտնեց, որ դադրեցուած է անոր քրէական հետապնդումը։ Դատախազութիւնը եզրայանգած է, որ ապացոյցները բաւարար չեն պնդելու, որ պաշտպանութեան նախկին նախարարը մեղաւոր է տարիներ առաջ «Ձորահէկ»-ի օտարման գործին մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment