Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Պաքուին Ու Երեւանին Առաջարկներ Ներկայացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակի Թուլացման Ուղղութեամբ

Մոսկուան Պաքուին Ու Երեւանին Առաջարկներ Ներկայացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակի Թուլացման Ուղղութեամբ

by MassisPost

Յուլիս 25-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով հանդիպման ընթացքին ռուսական կողմը լուծումներ առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ծայրայեղ ծանր իրավիճակին ուղղութեամբ, յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Տենիս Կոնչարը։

«Առանց զգայուն մանրամասնութիւններ բացայայտելու՝ կրնամ ըսել, որ մեր կողմէ առաջարկուած են փոխզիջումային լուծումներ՝ լարուածութիւնը թուլացնելու համար, ինչ որ կողմերը ընդունած են «տնային մշակման», ըսած է ռուս դիւանագէտը՝ չյստակացնելով ռուսական կողմի առաջարկներուն բովանդակութիւնը։

Կոնչարը փոխարէնը յոյս յայտնած է, որ «մարդասիրական նկատառումները, հասարակ մարդոց նկատմամբ հոգատարութիւնը աւելի վեր պիտի ըլլան, քան Պաքուի եւ Երեւանի քաղաքական տարաձայնութիւնները»։

Խօսելով կողմերուն միջեւ անհամաձայնութիւններէն՝ ռուս դիւանագէտը կարծիք յայտնած է, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը «տակաւին պէտք է լուծումներ գտնեն շարք մը բարդ թեմաներու շուրջ»։

«Անոնցմէ ամենակարեւորը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ համընդհանուր ճանչցուած իրաւունքներու պահպանման խնդիրն է՝ Ատրպէյճանի իրաւական դաշտի ծիրին մէջ», նշած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment