Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Պիտի Քննարկուին ԼՂ Բնակչութեան Մարդասիրական Պայմանները, Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը». Լուիս Պոնոյի Այցին Մասին

«Պիտի Քննարկուին ԼՂ Բնակչութեան Մարդասիրական Պայմանները, Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը». Լուիս Պոնոյի Այցին Մասին

by MassisPost

Կովկասի մէջ բանակութիւններու հարցերով ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօն այս շաբաթ պիտի ժամանէ տարածաշրջան՝ քննարկելու խաղաղութեան գործընթացին ԱՄՆ աջակցութեան եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու հարցերը, յայտնած է Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըրը։

«Պարոն Պոնօն կը նախատեսէ հանդիպիլ առանցքային շահագրգիռ կողմերու հետ՝ աջակցելու համար հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացին: Ան պիտի այցելէ ե՛ւ Հայաստան, ե՛ւ Ատրպէյճան», ըսած է Միլլըր։

Անոր խօսքով՝ պարոն Պոնօն պիտի քննարկյ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական պայմանները, իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ «Մենք հետեւողականօրէն կը յայտարարենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ պաշտպանութեան այդ միջոցները», յաւելած է Միլլըր:

«Մենք պատրաստ ենք նպաստելու որեւէ գործընթացի, որ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն», ըսած է ան։

Սա պիտի ըլլայ Լուիս Պոնոյի երրորդ այցը տարածաշրջան այդ դերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment