Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Ներկայացուցիչները Այցելած Են Կոռնիձոր

ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Ներկայացուցիչները Այցելած Են Կոռնիձոր

by MassisPost

ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչները այցելած են Կոռնիձոր։ Անոնց ներկայացուած է, թէ ինչ իրավիճակ է այս պահին Հաքարիի կամուրջին մօտ։

Հայաստանէն Արցախ մարդասիրական բեռներ տեղափոխող ինքնաշարժները 9-րդ օրն է Կոռնիձորի մէջ են՝ Հաքարիի կամուրջին հարեւանութեամբ։

Նախնական պայմանաւորուածութիւն համաձայն՝ աւելի քան 400 թոն բեռը ռուսական խաղաղապահ ուժերուն միջոցով պէտք է ուղարկուէր պաշարուած Արցախ, ուր օր օրի կը սաստկանայ մարդասիրական ճգնաժամը։

Պաշտօնական Պաքուն Դեկտեմբերէն շրջափակման մէջ գտնուող Արցախ Երեւանի մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելը «տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ սադրանք» որակած է։

400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը Յուլիս 26-ի առաւօտեան 19 բեռնատարով Երեւանէն շարժած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment