Անցեալ ամիս, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսական դիմադրական շարժումի հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի աճիւնը յառաջիկայ տարի պիտի փոխադրուի անուանի անձնաւորութիւններու թաղուած պանթէոն։
Երբ այս լուրը իմացայ, յիշեցի Փարամազը եւ ընկերները։ 108 տարիներ առաջ, 1915 թուի Յունիս 15-ին Պայազէտի հրապարակի վրայ հայ յեղափոխական շարժումի քսան գործիչներ կախաղան հանուեցան։ Անոնք մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ ձերբակալուած Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անդամներն էին։
Մէկ կողմը Ֆրանսական դիմադրական շարժումի անդամներէն Միսաք Մանուշեան, իսկ միւս կողմը Հայ յեղափոխական շարժումի անդամներէն Փարամազ կամ մկրտութեան անունով Մատթէոս Սարգիսեան։ 1915-ը, մէկը տարաւ Ատըյամանէն դէպի Փարիզ, իսկ միւսը դէպի մահ։
Երկուքն ալ դիմադրական շարժումներու գործիչներ էին։ Աւելի ազատ, աւելի հաւասար եւ եղբայրութեան մէջ ապրելու համար ջանք թափած էին։ Երկուքն ալ սոցիալիստ-ընկերավարական։
Մանուշեանը գաղթական մկն էր, որ նացիներու բռնակալութեան դէմ պայքարեցաւ։ Փարամազը պայքարեցաւ իր ազգին հարազատ հողին վրայ բարեկեցութեամբ եւ այլ ժողովուրդներու հետ հաւասար ապրելուն համար։
Երկուքն ալ մահապատժի դատապարտուեցան։
Փարամազը կախաղան հանեցին իր տասնըինը ընկերներով։ Իսկ Մանուշեանը գնդակահարուեցաւ իր քսաներկու ընկերներով։
Մանուշեանը Ֆրանսաի համար դարձաց է ազգային հերոս նահատակ։ Կը յիշուի մեծ յարգանք եւ պատիւով։
Բացի Ֆրանսական պետութենէ, աշխարհի հայերն ալ կը յիշեն զինք։ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի քաղաքներուն մէջ իր անունը կրող հրապարակներ կամ փողոցներ, այն փողոցները զարդարող յուշարձաններ տեղադրուած են։
Դառնալով Փարամազին, անոր գերեզմանը անյայտ է։ Թաղման ականատես քահանան Տ. Գալուստ Պօղոսեանը կը վկայէ.
«….. Էտիրնեգաբուի Հայոց գերեզմանատան պատին դուրսի կողմը, հասարակաց փոսի մը մէջ կը հանգչին անոնք, համաձայն Աչըքպաշի կտակին, եղբայրական քունով մը։ Չկայ շիրիմ, չկան ծաղիկներ, որովհետեւ անոնք չքալեցին ծաղիկներու վրայէն, այլ նախընտրեցին փշոտ ճամբան եւ պէտք չունին ծաղիկներու։
Ուխտի վայր մըն է անիկա ընկերներու համար, մինչեւ այն օրը, երբ այդ նուիրական աճիւնները կը փոխադրուին հայրենի հողին վրայ, ազատագրուած ամէն տեսակ բռնութիւններէ»։
Մենք չենք կրցած շիրիմ մր, համեստ յուշարձան մը զետեղել քերեզմանատան մէկ անկիւնը ։
Մանուշեան իբրեւ բանաստեղծ՝ «Իմ Երգը» գիրքին մէջ բանաստեղծութիւնները անփոփուած է։
Փարամազն ալ կը գրէր։ Ուզեցի զինք վերյիշել բանտարկութենէ քանի մը ամիս առաջ Մայիս 1914-ին «Հնչակ» թերթին մէջ գրած «Հայի Պահանջը» գրութիւնով։
Այս գրութիւնը ով երբ ալ կարդայ կրնայ դասեր քաղել։ Եթէ հայ մը կարդայ կրնայ տեսնել ինչպէս դարձած է դարերու մէջ իր պահանջներուն ետեւէն կախաղան քալած ազգէ մը, ձեռք ուզողին թեւը նուիրող ազգի։
«ԱԿՕՍ»
Յուլիս 19, 2023