Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետութեան Ընկալման Հետ Իսկակա՛ն Աղերս Չունեցողները

Պետութեան Ընկալման Հետ Իսկակա՛ն Աղերս Չունեցողները

by MassisPost

Համաժողովրդային պոռթկումով իշխանութենէն հեռացուած՝ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան բաց նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն, որպէսզի մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերեն  Արցախի ժողովուրդին: Եթէ այդքանով բաւարարուէր տասը տարի երկիրը ղեկավարած անձի, այդ քայլը պիտի նկատուէր ողջունելի, սակայն  անոր բողոքը աւելի շատ ուղղուած էր երկրի ներկայ վարչապետին դէմ եւ ոչ թէ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարին:

Սերժ Սարգսեան իր նամակին մէջ կը գրէ որ, 2018 թուականին  Հայաստանի հասարակութիւնը յուզական որոշում կատարեց  եւ «իշխանութիւնը յանձնեց պետութեան ընկալման հետ որեւէ աղերս չունեցող գործչի»:

Յուլիս 24-ի իր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ Սերժ Սարգսեանի նամակի այդ բաժինին: «Ես այդ մօտեցմանը, որ Սերժ Սարգսեանը կարող էր նամակ գրել, նորմալ եմ վերաբերւում, բայց ԼՂ-ում հաստատուած հումանիտար ճգնաժամի մասին նամակ է գրում, այդ մարդիկ վերցնելու են տեսնեն, որ առաջին պարբերութիւնները այն մասին են, թէ ինչ վատն է Հայաստանի գործող ղեկավարը: Մենք էլ ենք ընդդիմութիւն եղել, եւ մենք Հայաստանի օրակարգի հարցերի մասին դրսի հետ հաղորդակցուելիս, նամակներ գրելիս այդպիսի բաներ մեզ թոյլ չենք տուել:  Ամօթ է ուղղակի: Ես ինձ համար չեմ ասում, ես պատկերացնում եմ այդ մարդկանց ռեակցիան: Համ իրեն արժեզրկեց, համ երկիրն արժեզրկեց», ըսաւ Փաշինեան:

Իր իշխանութեան տարիներուն Սերժ Սարգսեան Արցախը պաշտպանելու համար կրնար գործնական քայլեր առնել՝ առաջին հերթին հզօրացնելով ու արդիական զէնքերով օժտելով ՀՀ զինուած ուժերն ու Արցախի պաշտպանութեան բանակը: 44-օրեայ պատերազմը չսկսաւ 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին, այլ՝  2016-ի Ապրիլի մէկի քառօրեայ պատերազմով, որուն աւարտին պարզապէս հաստատուեցաւ զինադադար, իսկ սահմանի վրայ կրակոցները դադար չունեցան:  Բոլորիս յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են քառօրեայէն ետք Սերժ Սարգսեանի չքմեղանքի խօսքերը թէ, Հայաստանի բանակը կը կռուէր 80-ականներու զէնքերով: Թէ ի՞նչու այդպէս էր, մինչեւ օրս այդ հարցին պատասխանը չտրուեցաւ:

Այդ թուականէն  անմիջապէս ետք պէտք էր սկսիլ բանակաշինութեան լայնածաւալ արշաւ եւ 80-ականներու զէնքերը փոխարինուէին արդիական զէնքերով, սակայն այդ ալ տեղի չունեցաւ: Ամէն անգամ երբ կը հաղորդուէր Ռուսաստանի կողմէ Ատրպէյճանին վաճառուող նոր զինատեսակներու մասին,  օրուայ իշխանաւորները կը բաւարարուէին բողոքներով, որոնց Ռուսական կողմը կը պատասխանէր  ըսելով՝ «Եթէ մենք չվաճռենք ուրիշներ պիտի վաճառեն»:

Այ՛ո 80-ականներու զէնքերը մնացին Հայկական բանակներու զինանոցին մէջ, որուն հետեւանքով ալ վճռուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի ճակտագիրը:

Նման բովանդակութեամբ նամակ գրող մարդը, երկու շրջան կեղծուած ընտրութիւններով նախագահի աթոռին նստելէ ետք կը յանդգնի մեղադրելու Հայաստանի ժողովուրդին՝ սխալ ընտրութիւն կատարելու մէջ, ու տակաւին կը մտածէ  իշխանութեան վերադառնալու մասին: Ան մինչեւ հիմա եզրակացուցած պէտք էր ըլլար որ,  Հայ հասարակութիւնը ոչ թէ «յուզական որոշում կատարեց», այլ զզուանքի որոշում: Զզուանք իր ապրած պայմաններէն,  կորումպացուած համակարգէն, ընտրական կեղծիքներէն, զզուած տնտեսական մենաշնորհներէն ու տակաւին շատ այլ բաներէ: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել, որ յուզական որոշում կատարած ժողովուրդը վերընտրեց «պատերազմ պարտուած» ղեկավարին եւ ոչ թէ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի նման ապաշնորհ գործիչներու, որոնք քսան տարի շահագործեցին Արցախն ու անոր ժողովուրդի անունը, իշխանութեան վրայ մնալու համար:

Պատմութիւնը պիտի որոշէ թէ, որո՞նք էին պետութեան ընկալման հետ որեւէ աղերս չունեցողները ու այդ պարագային Սերժ Սարգսեանի անունը պիտի գրուի ցանկին ամենէն վերեւը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment