Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Freedom House-ը Կոչ Կ’ընէ Ճնշում Գործադրելու Պաքուի Վրայ

Freedom House-ը Կոչ Կ’ընէ Ճնշում Գործադրելու Պաքուի Վրայ

by MassisPost

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր թուիթըրեան էջով յայտարարութիւն տարածած է․

«Ատրպէյճանին կոչ կ’ընենք թոյլ տալու Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին կենսականօրէն անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղին եւ անյապաղ աշխատելու ազատ տեղաշարժի ապահովման ուղղութեամբ՝ բանալով Լաչինի միջանցքը եւ երաշխաւորելով մարդոց, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու անխափան երթեւեկութիւնը։

Տարածաշրջանին մէջ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը քաղաքացիական բնակչութիւնը զրկած է կեանք փրկող դեղամիջոցներէն եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն: Մենք ժողովրդավարական կառավարութիւններուն կոչ կ’ընենք ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ՝ յորդորելով վերջ տալ անմեղ քաղաքացիական անձերու կանխամտածուած սովամահութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment