Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Ժողովուրդին Աջակցութեան Կառավարման Աշխատանքային Խումբին Որոշմամբ 400 Թոն Մարդասիրական Բեռ Ուղեւորուեցաւ Կոռնիձոր

ԼՂ Ժողովուրդին Աջակցութեան Կառավարման Աշխատանքային Խումբին Որոշմամբ 400 Թոն Մարդասիրական Բեռ Ուղեւորուեցաւ Կոռնիձոր

by MassisPost

Յուլիսի 25-ին, փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետին որոշմամբ ստեղծուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ ԼՂ ժողովուրդին աջակցութեան կառավարման աշխատանքային խումբի հերթական նիստը:

Նիստի ընթացքին քննարկուած է 2022թ. Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը:

Աշխատանքային խումբը որոշումներ կայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պարէնային եւ բժշկական հրատապ մարդասիրական աջակցութեան վերաբերեալ:

Ի դէպ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակին մասին Մոսկուայի մէջ կայացած Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով հանդիպումէն յետոյ խօսած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ նշելով, որ ռուս խաղաղապահներուն հնչեցուցած հաղորդումներու հիման վրայ ռուսական կողմը իր գնահատականները փոխանցած է երկու կողմերուն՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին մասին։

«Մենք, հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ հնչեցուած հաղորդումները, մեր զրուցակիցներուն ներկայացուցինք ռուսական կողմին գնահատականները այն քայլերուն վերաբերեալ, որոնք ցանկալի է ձեռնարկել գործնականօրէն, առանց յապաղելու՝ Ղարաբաղի բնակչութիւնը սննդամթերքով, դեղորայքով, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով եւ անխափան ելեկտրամատակարարմամբ ու կազամատակարարմամբ ապահովելու համար։ Սա կը բխի հասարակ մարդոց, հայերու, տարածաշրջանի բնակիչներու շահերէն», նշած է Լաւրով։

Լաւրով նաեւ նշած է, որ Ռուսաստանը շահագրգռուած է ճգնաժամի հնարաւորինս արագ հանգուցալուծմամբ՝ համաձայն Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն։

Այսօր Երեւանի Շահումեանի հրապարակէն շուրջ 2 տասնեակ բեռնատարներ 400 թոն մարդասիրական բեռներով շարժեցան դէպի Կոռնիձոր։

ԼՂ ժողովուրդին աջակցութեան կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան ըսաւ, որ մարդասիրական բեռները կը պարունակեն ալիւր, ձէթ, մաքարոնեղէն եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ։

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը այս գործողութիւնները սադրանք որակած էր՝ յայտարարելով, թէ իբր հայկական կողմը Լաչինի միջանցքին մէջ «տարբեր փոխադրամիջոցներու կուտակմամբ սադրանք կը նախապատրաստէ»։

Երաշխիք, որ մարդասիրական բեռը տեղ պիտի հասնի, չկայ։ ԼՂ ժողովուրդին աջակցութեան կառավարման աշխատանքային խումբին ներկայացուցիչը նշեց, որ այս իրավիճակին մէջ երաշխիքներու մասին աւելորդ է խօսիլ։

Ի դէպ՝ Շահումեանի հրապարակին վրայ ներկայ էին նաեւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած միջազգային կառոյցներու եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնների ներկայացուցիչները, որոնք շրջայց կատարեցին եւ ծանօթացան մարդասիրական բեռներու խմբաքանակին մէջ ներառուած ապրանքատեսակներուն: Ասոր նախորդած էր անոնց հանդիպումը ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment