Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2023 Թուականի Առաջին Կիսամեակին 1000 Մեծ Հարկ Վճարողներու Կողմէ Վճարուած Գումարները Կազմած Են Աւելի Քան 874 Միլիառ 522 Միլիոն Դրամ

2023 Թուականի Առաջին Կիսամեակին 1000 Մեծ Հարկ Վճարողներու Կողմէ Վճարուած Գումարները Կազմած Են Աւելի Քան 874 Միլիառ 522 Միլիոն Դրամ

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը յայտնէ, որ ՊԵԿ պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած է 2023 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 մեծ հարկ վճարողներու կողմէ վճարուած հարկերու եւ վճարներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը:

1000 մեծ հարկ վճարողներու կողմէ 2023 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է աւելի քան 874 միլիառ 522 միլիոն դրամ: Հարկային մարմին կատարուած վճարումներու գումարը կազմած է աւելի քան 668 միլիառ 245 միլիոն դրամ, իսկ մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը՝ շուրջ 206 միլիառ 277 միլիոն դրամ։

1000 մեծ հարկ վճարողներուն վերաբերեալ ցանկերը հասանելի են ՊԵԿ պաշտօնական կայքի  «տեղեկութիւն հարկ վճարողներու վերաբերեալ» բաժնի «հարկ վճարողներու վերաբերեալ տեղեկատուական ցանկեր» ենթաբաժնին մէջ:

Ցանկը հրապարակուած է հիմք ընդունելով ներկայիս գործող ՀՀ կառավարութեան 23.06.2022 թ․-ի N 928-Ն որոշմամբ սահմանուած չափորոշիչները, մասնաւորապէս, ցանկին մէջ ներառուած չեն ՀՀ պետական եւ համայնքային կառավարչական հիմնարկները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment