Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2023թ. Յունիսին Եկամուտ Ստացող Աշխատատեղիներու Թուաքանակը Կազմած Է 719.274

2023թ. Յունիսին Եկամուտ Ստացող Աշխատատեղիներու Թուաքանակը Կազմած Է 719.274

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ հարկ վճարողներու կողմէ 2023-ի Յունիս ամսուան համար ներկայացուած եկամտային հարկի եւ ընկերային վճարի հաշուարկներուն տուեալներով` եկամուտ ստացող աշխատատեղիներուն թուաքանակը կազմած է 719.274, ինչ որ գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը` 38.224-ով կամ 5,6%-ով:

Միաժամանակ, կոմիտէն կը յայտնէ, որ հարկ վճարողներուն կողմէ դուրս գրուած հաշուարկային փաստաթուղթերու (այդ շարքին` ՀԴՄ կտրօններու) տուեալներով` 2023թ. Յունիս ամսուան ընթացքին իրականացուած է 55,4 միլիոն գործարք` 1044,5 միլիառ ՀՀ դրամ արժէքով, ինչ որ գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին ցուցանիշը` քանակային 2,6 միլիոն գործարքով կամ 5,0%-ով, իսկ արժէքային` 204,7 միլիառ ՀՀ դրամով կամ 24,4%-ով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment