Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ Տիգրան Աւինեանի Օգտին Ընտրողներու Ցուցակագրման Մասին Հետաքննական Հրապարակումը

Դատախազութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ Տիգրան Աւինեանի Օգտին Ընտրողներու Ցուցակագրման Մասին Հետաքննական Հրապարակումը

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը պիտի ուսումնասիրէ օրերս մեծ աղմուկ հանած հետաքննական հրապարակումը, որով հեղինակները պատմած էին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն իշխող ուժի թեկնածու Տիգրան Աւինեանի օգտին ընտրողներու ցուցակագրման մասին։

Գլխաւոր Դատախազութենէն փոխանցեցին, որ «Ազատութեան» հարցումին հիման վրայ պիտի ուսումնասիրեն հրապարակումը ու արդիւնքներուն մասին պիտի տեղեկացնեն աւելի ուշ։ Ինչո՞ւ սեփական նախաձեռնութեամբ չէին սկսած ուսումնասիրութիւնը, պարզ չէ։

«Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» փաստերու ստուգման հարթակի հետաքննութեան համաձայն՝ իշխող ուժը համայնքապետերուն միջոցով կը ցուցակագրէ մարզերու մէջ բնակող, բայց Երեւանի մէջ հաշուառուած ընտրողներուն տուեալները՝ Աւինեանի օգտին քուէարկելու համար։

Հետաքննութեան հեղինակները նաեւ յայտարարած էին, որ այս գործընթացը կը համակարգէ ՔՊ-ի վարչութեան փոխնախագահ Գէորգ Պապոյեանը։ Որպէս Պապոյեանի օգնական ներկայացած լրագրողը զանգահարած էր խոշորացված Սպիտակի փոխքաղաքապետին, քանի մը գիւղերու վարչական ղեկավարներուն։ Անոնցմէ առնուազն վեցը յայտնած էին, որ արդէն ունին կամ շուտով պիտի ունենան Աւինեանի օգտին քուէարկողներու ցուցակները։ Եւ Սպիտակի փոխքաղաքապետ Յովիկ Յովհաննիսեանը վստահեցուցած էր, որ Սպիտակի քաղաքապետ Քաջայր Նիկողոսեանը կը զբաղի հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment