Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լրագրողներու Միջազգային Եւ Եւրոպական Ֆետրասիոնները Դիմած Են Ատրպէյճանին՝ Մուտք Գործելու Ղարաբաղ

Լրագրողներու Միջազգային Եւ Եւրոպական Ֆետրասիոնները Դիմած Են Ատրպէյճանին՝ Մուտք Գործելու Ղարաբաղ

by MassisPost

Լրագրողներու Միջազգային Ֆետերասիոնը եւ Լրագրողներու Եւրոպական Ֆետերասիոնը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ ռուս խաղաղապահներուն կոչ կ’ընեն ապահովելու լրագրողներուն ազատ տեղաշարժը Արցախի մէջ։ Այս մասին անոնք գրած են ֆէյսպուքեան էջով։

«Էնթընի Պելլանճըրի եւ Մուշֆիք Ալասկարլիի հետ փորձեցինք հասնիլ Ստեփանակերտ, քաղաք, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած է Ատրպէյճանի մաս, բայց հիմնականին մէջ բնակեցուած է հայերով։ Մեզի խանգարեց ատրպէյճանական բանակը՝ ռուսական անցակէտէն ընդամէնը 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ», ըսուած է ֆետերասիոնի գրառման մէջ:

Աւելի վաղ հայկական լրագրողական կազմակերպութիւնները կոչով դիմած էին Շուշիի մետիա-համագումարին մասնակցած գործընկերներուն. «Միթէ ձեր մասնագիտական պարտքը ձեզ չի՞ դրդեր ատրպէյճանական իշխանութիւններէն պահանջելու ազատ տեղաշարժի հնարաւորութիւն, որպէսզի ձեր աչքերով տեսնէք այն ողբերգութիւնը, որուն հետ զուգահեռներ գտնելը այնքան ալ հեշտ չէ ժամանակակից աշխարհին մէջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment