Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Իրականութեան Մէջ Մէկ Նպատակ Ունի՝ Արցախը Ատրպէյճանին Բռնակցել․ Գուրգէն Ներսիսեան

Ատրպէյճանը Իրականութեան Մէջ Մէկ Նպատակ Ունի՝ Արցախը Ատրպէյճանին Բռնակցել․ Գուրգէն Ներսիսեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը իրականութեան մէջ մէկ նպատակ ունի՝ Արցախի ժողովուրդը ճնշելով՝ Արցախը Ատրպէյճանին բռնակցել եւ, եթէ այդ ընթացքին այս ժողովուրդը չբնաջնջեն, ապա Արցախի մէջ մնացած ժողովուրդը ուղղակի հարկադրաբար հպատակեցնել, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Արցախի պետական նախարարը։

Գուրգէն Ներսիսեան կ’ընդգծէ, որ երբ կը յայտարարեն, որ տեղի ունեցողը Ատրպէյճանի հպատակեցման գործողութիւններ են եւ Ատրպէյճանը իր առջեւ դրուած նպատկներուն հասնելու համար պատրաստ է ցեղասպանելու Արցախի ամբողջ ժողովուրդը, կը նկատեն, որ միջազգային շարք մը դերակատարներ կա՛մ աչք կը փակեն, կա՛մ չեն ուզեր ընդունիլ զայն։

«Այդ դէպքում ես հարց եմ տալիս՝ լաւ, եթէ դա այդպէս չէ, ապա ո՞րն է Ատրպէյճանի նպատակը եւ ի՞նչ է, ի վերջոյ, Ատրպէյճանը սրանով ուզում», կը հարցնէ պետական նախարարը։

Ներսիսեանի խօսքով՝ շրջափակման եօթը ամիսներու ընթացին Ատրպէյճանի գործողութիւնները, պատճառաբանութիւնները, նպատակները, ընդ որում, առանց պատասխանատուութեան որեւէ զգացումի, այլափոխութեան կ’ենթարկուին։

«Սկզբում բնապահպանական նպատակներով ճանապարհ փակուեց, յետոյ իբր Հայաստանից Արցախ զէնքի տեղափոխումը կանխելու նպատակով անցակէտի հատուածում փակուեց, յետոյ բեռների վերահսկողութեան նպատակով սկաներ սարք տեղադրուեց, յետոյ անցակէտ տեղադրուեց, յետոյ սքանըրը հանուեց, յետոյ դրօշի տեղադրման հետ կապուած վէճեր իբր առաջացան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ ընդհանրապէս ճանապարհը փակուեց այն աստիճան, որ նոյնիսկ մարդասիրական բեռնափոխադրումներ չկազմակերպվեցին դէպի Արցախ», ըսաւ Ներսիսեան՝ շեշտելով, որ եթէ ՄԱԿ-ը եւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրները անհաղորդ չգտնուին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ապա լուծումները, այդ շարքին՝ Ռուսիոյ հետ կապուած շատ արագ պիտի գտնուին։

«Նոյն ռուս խաղաղապահների հետ կապուած որոշումներ կ’ընդունուեն․ լիազօրութիւններ կը տան եւ անհրաժեշտութեան դէպքում նոյնիսկ հնարաւորութիւն կը տան յաւելեալ գործողութիւնների եւ քայլերի, որոնք որ անհրաժեշտ կը լինեն՝ Արցախում անվտանգութիւն ապահովել», եզրափակեց պետական նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment