Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պրիւքսէլի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ Եռակողմ Հանդիպումը

Պրիւքսէլի Մէջ Կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ Եռակողմ Հանդիպումը

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ կայացաւ Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ եռակողմ հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Հիւրընկալող Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներ՝ Նիկոլ Փաշինեանի ու Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:

Հայաստանի կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, տարածաշրջանային փոխադրութեան եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հասցէագրման, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու հարցերը։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխուժացնել աշխատանքները քննարկուած հարցերու կարգաւորման ուղղութեամբ:

Ատրպէյճանի նախագահի Մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Պրիւքսէլի մէջ Ալիեւ-Փաշինեան-Միշէլ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած է այդ շարքին «Ատրպէյճանի տարածքներէն հայկական զօրամասերու դուրսբերումը եւ ապօրինի կազմաւորումներու զինաթափումը»։

«Զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղ գործընթացի շուրջ բանակցութիւններու շարունակման, սահմաններու սահմանազատման, ճանապարհային հաղորդակցութիւններու բացման, Ատրպէյճանի տարածքներէն հայկական զօրամասերու դուրսբերման եւ ապօրինի կազմաւորումներու զինաթափման շուրջ», կ’ըսուի ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան մէջ։

Պրիւքսէլան եռակողմ հանդիպումէն առաջ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը առանձին հանդիպած է թէ՛ Հայաստանի ու թէ՛ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ։  Փաշինեան  Արցախի նախագահին նամակը փոխանցած է Շարլ Միշէլին։

Պաշտօնական Ստեփանակերտը աւելի վաղ հրապարակած էր նամակին բովանդակութիւնը.

«Ես, որպէս Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան նախագահ, Արցախի իշխանութեան եւ ժողովրդի անունից այս հրատապ դիմումով ահազանգում եմ միջազգային հանրութեանը Արցախում ձեւաւորուած ու խորացող անվտանգային ու մարդասիրական ճգնաժամի մասին, որն արագօրէն վերածւում է աղէտի: Այս վիճակը ձեւաւորուել է Ատրպէյճանի կողմից իրականացուած յանցաւոր գործողութիւնների հետեւանքով:

120 հազար մարդ շրջափակման մէջ է, արցախցիների տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով արգելուած է։ Ատրպէյճանը խափանել է արցախցիների ելեկտրամատակարարումը, անջատել կազը։ Խանութներում այլեւս մթերք չկայ։ 2 հազար յղիներ ու շուրջ 30 հազար երեխաներ թերսնուած են», այս բոլորին մասին տեղեկացուցած է Արայիկ Յարութիւնեանը Շարլ Միշէլին ու նաեւ միջագային հանրութեան այլ դերակատարներուն:

Առկայ իրավիճակը պայթիւնավտանգ է եւ յղի շատ կարճ ժամկէտի մէջ վերածուելու իրական աղէտի ոչ միայն Արցախի ժողովուրդին, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանին համար:

Արցախի նախագահը կը պահանջէ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու շրջանակին մէջ կիրառել հրատապ քայլեր՝ դադրեցնելու Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող Արցախի ապօրինի ու լիակատար շրջափակումը եւ կասեցնելու Արցախի ժողովուրդին դէմ իրագործուող զանգուածային յանցագործութիւնները եւ ահաբեկչութիւնը։

Պաքուն մինչեւ այժմ միջանցքը հայկական երթեւեկութեան համար բանալու որեւէ քայլ չէ ըրած, փոխարէնը՝ արդէն երկրորդ անգամ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը Արցախի մէջ ապրողներուն Լաչինի միջանցքին որպէս այլընտրանք կ’առաջարկէ օգտուիլ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհէն, այսինքն՝ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ Ատրպէյճանէն բերել։

Պրիւքսէլի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի ու Իլհամ Ալիեւի հետ գրեթէ երեք ժամ տեւած հանդիպումէն յետոյ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը կարեւոր համարեց Աղտամով մարդասիրական մատարակարարումներ իրականացնելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը, միաժամանակ շեշտեց, որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ՝ Լաչինի ճանապարհը պէտք է բացուի։

«Ես շեշտած եմ, որ անհրաժեշտ է բանալ Լաչինի ճանապարհը, նաեւ ընդգծած եմ Աղտամով մարդասիրական մատակարարումներ իրականացնելու Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը։ Ես երկու տարբերակն ալ կարեւոր կը համարեմ եւ կոչ կ’ընեմ երկու կողմին ալ իրականացնելու մարդասիրական մատակարարումներ, որպէսզի տեղի բնակչութեան կարիքները բաւարարուին», ըսաւ Միշէլ՝ նաեւ ողջունելով միջազգային Կարմիր Խաչի կողմէ բժշկական տարհանումներու վերսկսումը։

Անկեղծ ու բովանդակային գնահատելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն բանակցութիւնները՝ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը ըսաւ, որ անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն ու անվտանգութեան։

«Տեղի բնակչութիւնը հաւաստիացումներու կարիք ունի՝ առաջին հերթին իր իրաւունքներուն ու անվտանգութեան վերաբերեալ։ Այս ծիրին մէջ ես արտայայտած եմ Եւրոմիութեան աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար շրջանի եւ Պաքուի ուղիղ երկխօսութեան։ Այս երկխօսութիւնը պէտք է ապահովէ բոլոր կողմերուն համար այդքան անհրաժեշտ վստահութիւնը», ընդգծեց Միշէլ:

Անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն՝ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը յայտնեց, որ այժմ անոնց ամենավճռական փուլն է. «Ես կը գովաբանեմ առաջնորդներուն խաղաղութեան գործընթացին նկատմամբ իրենց յստակ յանձառութեան համար եւ անոնց կոչ կ’ընեմ ձեռնարկելու յաջորդ խիզախ քայլերը՝ ապահովելու կարգաւորման ճանապարհին վճռական ու անշրջելի յառաջընթաց»։

Խոստովանելով, որ այս հանդիպումը կայացաւ այնտեղ աճող լարուածութեան լոյսին տակ, Միշէլ կարեւորեց քաղաքական քննարկումները՝ տեղեկացնելով, որ այս անգամ եւս վարչապետ Փաշինեանն ու նախագահ Ալիեւը վերահաստատած են յարգանքը միւս երկրի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան նկատմամբ։

«Հետեւաբար՝ Հայաստանի տարածքը կը կազմէ 29.800 քառակուսի քմ, իսկ Ատրպէյճանինը՝ 86.600։ Երկու առաջնորդներն ալ հաստատեցին իրենց միանշանակ հաւատարմութիւնը 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրին, որ կ’ընդունին որպէս սահմանազատման համար քաղաքական հիմք։ Այս առիթով մենք կ’ողջունենք երկու երկիրներու սահմանային յանձնաժողովներու Յուլիս 12-ի հանդիպումը։ Այս յանձնաժողովներու կանոնադրութեան եւ սահմանազատման հիմքերուն շուրջ աշխատանքը յառաջ գացած է։ Եւ այդ շատ կարեւոր է, ղեկավարները համաձայնեցան արագացնել յանձնաժողովներուն աշխատանքը», ըսաւ ԵՄ Խորհուրդի նախագահը:

Եւրոպացի ղեկավար պաշտօնեային փոխանցմամբ՝ կողմերը նաեւ յստակ յառաջընթաց արձանագրած են հաղորդակցութեան վերականգնման շուրջ. «Վերջին երկու ամսուան անոնց քննարկումներուն նպատակը տարածաշրջանի փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումն էր։ Մենք այսօր քննարկած ենք ապագայ ճանապարհային համաձայնագրերու տեխնիկական մանրամասնութիւնները, որոնք պիտի յարգեն ինքնիշխանութեան, իրաւասութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները։ Երկաթուղիին շինարարութիւնը պէտք է անյապաղ յառաջ երթայ, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրելու։ Որոշ մանրամասնութիւններ դեռ յստակացման կարիք ունին, բայց այս հարցով դիրքորոշումները աւելի մօտեցած են եւ աշխուժօրէն տարբերակներ քննարկուած են»։

«Առաջնորդները վերահաստատեցին ճենթըլմենական ընկալումը, որ այն զինուորները, որոնք պատահաբար հատած են սահմանը, անոնց հարցը պէտք է լուծուի։ Ես յորդորեցի, որ երկու կողմի ձերբակալուածները ազատ արձակուին։ Քննարկուած է նաեւ անհետ կորսուածներու ճակատագրին հարցը եւ այդ նպատակով համագործակցութեան ապահովման կարեւորութիւնը, եւ ես եւս մէկ անգամ ըսած եմ, որ հնարաւորինս շատ տեղեկատուութիւն փոխանակուի», նշեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը:

Շարլ Միշէլ նաեւ ընդգծեց, որ իրական յառաջընթացի համար նախ եւ առաջ պէտք է վերջ տրուի բռնութիւններուն ու կոշտ հռետորաբանութեան, որպէսզի խաղաղութեան եւ կարգաւորման բանակցութիւններուն համար բարենպաստ միջավայր ստեղծուի։

Տեղեկացուց, որ նպատակ ունի ամառէն ետք Փաշինեանն ու Ալիեւը եւս մէկ հանդիպման հրաւիրել, անոնք եւս մէկ հանդիպում ալ պիտի ունենան Եւրոպական քաղաքական յաջորդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ՝ այդ անգամ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջնորդներուն մասնակցութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment