Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պայրամով․ «Մեր Նպատակը 44-Օրեայ Պատերազմի Արդիւնքներուն Ամրագրումն Է»

Պայրամով․ «Մեր Նպատակը 44-Օրեայ Պատերազմի Արդիւնքներուն Ամրագրումն Է»

by MassisPost

«Պաշտօնական Պաքուի առաջնահերութիւնը 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքներուն ամրագրումն է», լրագրողների հետ զրոյցին ժամանակ այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

«44-օրեայ Հայրենական պատերազմէն եւ անոր մեր յաղթանակէն յետոյ մեր գլխաւոր առաջնահերութիւնը այդ յաղթանակի ամրագրումն է իրաւական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ, անոր ընդունումը միջազգային հանրութեան կողմէ։ Անոր հետ մէկտեղ կը շարունակուին այս հարցը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ լուծելուն ուղղուած ջանքերը»,  յայտնած էր ատրպէյճանական դիւանագիտութեան ղեկավարը։

«Վերջին ամիսներուն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները աշխոյժ բնոյթ ձեռք բերած են։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը այս ընթացքին քանի մը անգամ հանդիպած է Հայաստանի ղեկավարին հետ։ Կ’ակնկալուի, որ այդ մակարդակի շփումները յառաջիկային կը շարունակուին՝ տարատեսակ միջազգային համաժողովներու ընթացքին։ Արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ բանակցութիւնները եւս ընթացքի մէջ են։ Անոր ալ գումարած, գոյութիւն ունի փոխվարչապետներու մասնակցութեամբ բանակցութիւններու ձեւաչափը։ Այդ ձեւաչափով կը քննարկուին հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման եւ սահմաններու սահմանազատման խնդիրները։ Մօտ ապագային եւս մէկ հանդիպում կը նախատեսուի նաեւ այս ուղղութեամբ», յայտնած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը։

Ատրպէյճանցի լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին Ճէյհուն Պայրամովը անդրադարձաւ նաեւ Լաչինի միջանցքին ստեղծուած կացութեան ու Ռուսաստանի արտաքին գործերու պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի՝ անցեաթ շաբաթավերջին հնչեցուցած յայտարարութիւններուն։

Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան մամուլի քարտուղարը Հինգշաբթի օր կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին Երեւանին եւ Պաքուին կոչ ըրած էր «բոլոր խնդիրները լուծել բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով», ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական կողմին յորդորած էր «ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը, ապահովել քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ քաղաքացիական բեռներու անխափան տեղաշարժը»։

«Վերջին երկուքուկէս տարուան մէջ, ինչպէս նաեւ 30-ամեայ բռնագրաւման ընթացքին, մենք տասնեակ, հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր նման կոչեր լսած ենք։ Ի հարկէ, անոնք անհրաժեշտ է լսել, կարեւոր է նաեւ զանոնք վերլուծելը: Մենք, սակայն, մեր քաղաքականութիւնը կ’իրականացնենք ոչ թէ ոեւէ մէկուն կոչերով առաջնորդուելով, այլ ելլելով մեր ազգային շահերէն։ Եւ մենք վստահ ենք, որ այդ քաղաքականութիւնը դրական արդիւնքներու պիտի յանգեցնէ»,  Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակի յայտարարութեան կը հակադարձէր Ճէյհուն Պայրամովը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment