Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՔՊ-ն ԱԺ Յանձնաժողովի Նախագահի Պաշտօնէն Թագուհի Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Նախագիծ Ներկայացուցած Է

ՔՊ-ն ԱԺ Յանձնաժողովի Նախագահի Պաշտօնէն Թագուհի Թովմասեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցնելու Նախագիծ Ներկայացուցած Է

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է ԱԺ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Թագուհի Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ նախագիծ:

Նախագիծի հիմնական զեկուցողն էր ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեանը։

ՔՊ-ն նածագիծը կը հիմնաւորէ անով, որ Թագուհի Թովմասեանը, ըլլալով Մարդու իրաւունքներու եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, որուն գործունէութեան առանցքը մարդու իրաւունքներու պսշտպանութիւնն է, տարբեր իրավիճակներու մէջ, այդ շարքին՝ իր իսկ նախագահութեամբ ընթացող յանձնաժողովի նիստի ընթացքին, ՀՀ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու արժանապատուութեան վիրաւորման եւ ատելութեան խօսքի նկատմամբ ցուցաբերած է անտարբեր վերաբերմունք՝ իր անգործութեամբ նպաստելով անոնց կրկնութեան:

«Տարբեր դրուագներում Թագուհի Թովմասեանը չի պաշտպանել ՀՀ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած մարդու որպէս բարձրագոյն արժէք, անօտարելի արժանապատուութիւնը՝ այն ոտնահարող, նուաստացնող, վիրաւորանք պարունակող յայտարարութիւններից: Ասուածը փաստող մի շարք տեսանիւթեր առկայ են հրապարակային բաց աղբիւրներում», նշուած է հիմնաւորման մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment