Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լահէյի Դատարանը Վերահաստատած Է Իր Որոշումը, Որով Պարտաւորեցուցած Էր Ատրպէյճանին Ապահովել Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը

Լահէյի Դատարանը Վերահաստատած Է Իր Որոշումը, Որով Պարտաւորեցուցած Էր Ատրպէյճանին Ապահովել Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը

by MassisPost

2023 թուականի Յուլիս 6-ին Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը կայացուցած է որոշում Ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին ուխտի շրջանակներուն մէջ քննուող Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով իր՝ 2023 թուականի Փետրուար 22-ի միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին որոշման լրացման մասին Հայաստանի խնդրանքին վերաբերեալ, որ պայմանաւորուած էր Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին անցակէտ տեղադրելու փաստով։

Դատարանը վերահաստատած է իր 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումը, որով պարտաւորեցուցած էր Ատրպէյճանին՝ ձեռնարկել բոլոր միջոցները երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը, գտած է, որ այս պահին չկայ իր 2023 թուականի Փետրուար 22-ի որոշումը լրացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment