Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՄԻԵԴ-ի Մէջ Հայաստանի Պարտուելուն Պատճառ Դարձած Վեց Դատաւոր Անցեալ Տարուան Մէջ Հեռացուած Են Աշխատանքէն

ՄԻԵԴ-ի Մէջ Հայաստանի Պարտուելուն Պատճառ Դարձած Վեց Դատաւոր Անցեալ Տարուան Մէջ Հեռացուած Են Աշխատանքէն

by MassisPost

Եւրոպական Դատարանին մէջ Հայաստանի պարտուելուն պատճառ դարձած վեց դատաւոր անցեալ մէկ տարուան մէջ հեռացուած են աշխատանքէն։ Ընդ որում, վեցէն չորսին լիազօրութիւնները դադրեցուած են երկու օր առաջ։ Անոնց շարքին, սակայն, տակաւին չկան աղմկահարոյց գործեր քննած դատաւորները, օրինակ՝ 2008-ի Մարտ 1-ի գործերով ընդդիմադիրներու դէմ վճիռներ կայացնողները։

«Կարող եմ որպէս կողքից մարդ մտածել, որ օրինակ՝ դատաւորներին պահում են, որ յետոյ իրենք օգտագործեն։ Սկսում ես մտածել, որ ուրեմն էլի ինչ-որ բան կայ, օրինակ՝ Վճռաբեկ Դատարանում երկու դատաւորի տեղ էր պէտք ազատել, գնացել են այս ճանապարհով»,  «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայ Ազգային Գոնկրէսի իրաւական հարցերով պատասխանատու Արմէն Խաչատրեանը։

Միայն Երեւանի կեդրոնը քաղաքացիները տուներէ զրկելու գործերէն մէկով Եւրոպական դատարանը Հայաստանին պարտաւորեցուցած է վճարել աւելի քան մէկուկէս միլիոն եւրոյի փոխհատուցում, իսկ Մարտ 1-ի արիւնալի դէպքերուն առնչուող գործերով՝ աւելի քան 130 հազար եւրօ։ Այդուհանդերձ, այս գործերը քննած դատաւորները կը շարունակեն պաշտօնավարել։ Անոնց շարքին է նաեւ տարիներ առաջ վարչապետ Փաշինեանը դատած դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը, որ այս տարեսկիզբին դարձաւ Երեւանի Ընդհանուր Իրաւասութեան Քրէական Դատարանի ղեկավար։ Մինչդեռ Եւրոպական Դատարանը արձանագրած էր, որ Մարտիրոսեանի դատավճիռով խախտուած են նախկին ընդդիմադիր Փաշինեանի իրաւունքները։

«Մարդու Իրաւունքների Եւրոպական Դատարանի որոշումներով հաստատուած քաղաքացիների իրաւունքների կոպիտ խախտումներով դատավճիռների հեղինակ բոլոր դատաւորները պէտք է հրաժարական տան, հեռանան կամ հեռացուեն պաշտօններից», յայտնած էր վարչապետ Փաշինեան:

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը մինչեւ 2021 թուականը Հայաստանի դէմ կայացուցած է 130-է աւելի վճիռ, վերջին երկու տարիներուն տուեալները դեռ առկայ չեն։

Արդարադատութեան նախարարի խորհրդական Արտեոմ Սուճեանը կը վստահեցնէ, որ պիտի ուսումնասիրեն բոլոր գործերը անխտիր. «Ուսումնասիրութիւն կ’անենք այն արագութեամբ, այն ձեւաչափով, որ յանկարծ այնպիսի գործ չլինի՝ բաց թողնենք ժամկէտն անցնելու պատճառաբանութեամբ»։

Ըստ նախորդ տարի կատարուած փոփոխութեան՝ կառավարութիւնը հնարաւորութիւն ունի մինչեւ 15 տարի առաջ կայացուած վճիռներու հիմքով դատաւորներու լիազօրութիւնները դադրեցնելու միջնորդութիւն ներկայացնել։ Ըստ Արդարադատութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչին՝ ուսումնասիրութիւնը սկսած են Եւրոդատարանի վերջին վճիռներէն, բայց պաշտօնեան կը վստահեցնէ, որ ամէն ինչ պիտի ընեն, որ 2008-ի Մարտ 1-ի դէպքերուն առնչուող վճիռներու ժամկէտերը չանցնին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment