Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցուեցան Կարգապահական Խախտումի Հիմքով

Դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանի Լիազօրութիւնները Դադրեցուեցան Կարգապահական Խախտումի Հիմքով

by MassisPost

Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը հրապարակեց Երեւան քաղաքի Առաջին ատեանի Ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանին կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ որոշումը։

«Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը քննելով արդարադատութեան նախարարի պարտականութիւնները կատարող Լեւոն Բալեանի միջնորդութիւնը՝ Երեւան քաղաքի Առաջին ատեանի Ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանին կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ, որոշեց այն բաւարարել։ Երեւան քաղաքի Առաջին ատեանի Ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանի լիազօրութիւնները էական կարգապահական խախտման հիմքով դադարեցնել։  Որոշումն ուժի մէջ է մտնում հրապարակման պահից եւ վերջնական է», ներկայացուցած է ԲԴԽ նախագահ Կարէն Անդրէասեանը։

Դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանը լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է, թէ առաջին իսկ օրէն իրեն համար անսպասելի ոչինչ եղած է։

Դաւիթ Յարութիւնեանը յայտնի Կրակեմ Հրաչի` ԱԱԾ նախկին փոխտնօրէն, ՊՊԾ նախկին պետ եւ Սերժ Սարգսեանի ամենավստահելի մերձաւոր Հրաչեայ Յարութիւնեանի որդին է: Դաւիթ Յարութիւնեանը 29 տարեկանին դարձած է դատաւոր, իսկ ընդամէնը 33 տարեկանին դարձած է դատարանի նախագահ, ինչ որ բացառիկ երեւոյթ էր անփորձ դատաւորի համար։

Դատաւոր Յարութիւնեանը իր երիտասարդ տարիքին ահռելի հարստութեան տէր է: Ընդ որում, ան ամբողջ աշխատանքային ասպարէզի ընթացքին եղած է բացառապէս պետական ծառայող: Այս դատաւորը մինչ յեղափոխութիւնը հիմնականին մէջ բաւարարած է կալանք տալու դատախազութեան միջնորդութիւնները եւ միայն յեղափոխութենէն յետոյ «բարիացած» եւ մերժած է նման միջնորդութիւնները:

42-ամեայ Յարութիւնեանը Փտածութեան Կանխարգիլման Յանձնաժողով ներկայացուցած իր՝ 2022 թուականի գոյքի, եկամուտներու, ծախսերու, շահերու յայտարարագրին մէջ յայտարարագրած է ընդհանուր 10 անշարժ գոյք, որոնցմէ 9-ը իրեն կը պատկանին միանձնեայ սեփականութեամբ, մէկը՝ համատեղ սեփականութեամբ։ Ուշագրաւ է, որ գոյքերէն 8-ը Յարութիւնեանը նուիրատուութիւն ստացած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment