Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արեւմտեան Երկիրներու Պատժամիջոցային Հարցերու Յատուկ Ներկայացուցիչները Ժամանած Են Հայաստան

Արեւմտեան Երկիրներու Պատժամիջոցային Հարցերու Յատուկ Ներկայացուցիչները Ժամանած Են Հայաստան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան պատժամիջոցներու համակարգման գրասենեակի ղեկավար Ճէյմս Օ-պրայընի հետ քննարկած է տարածաշրջանին եւ միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, ինչպէս նաեւ երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցեր։

Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ ԼՂ-ի հետ շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական գործընթացին վերաբերող հարցեր:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման աշխոյժ բնոյթէն եւ ընդգծած է ԱՄՆ վարչակազմին աջակցութիւնը՝ երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու յառաջմղման գործին:

Պատժամիջոցները շրջանցելու հարցով Ռուսիոյ չօգնելու՝ Արեւմուտքի նախազգուշացումներէն եւ Հայաստանի մէջ արձանագրուած երկու ընկերութիւններու նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելէ յետոյ Երեւան կը գտնուին արեւմտեան երկիրներու պատժամիջոցային հարցերու յատուկ ներկայացուցիչները: Անոնք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ այդ շարքին անձամբ վարչապետին հետ կը քննարկեն պատժամիջոցներուն հետեւելու հարցերը։

Արեւմտեան պաշտօնեաները վերջին ամիսներուն կը պնդեն՝ որոշ ապրանքատեսակներ զարտուղի ճանապարհներով Ռուսիա կը հասնին, ուր անոնք կ’օգտագործեն ռազմական արտադրութեան համար, եւ կու տան նաեւ Հայաստանի անունը՝ որպէս տարանցիկ երկիր։

Ռուս-ուքրանական պատերազմի մեկնարկէն յետոյ՝ 2022-ին, ԵՄ անդամ պետութիւններէն Հայաստան արտահանման ծաւալները շուրջ 1,9 միլիառ եւրօ կազմած են, այնինչ նախապատերազմական 2021-ին այս ցուցանիշը 760 միլիոն էր՝ 2,5 անգամ պակաս։ Աճած է յատկապէս ելեկտրոնային սարքերու ներմուծումը Հայաստան։ Անցեալ տարի շեշտակի աճած է նաեւ Հայաստանէն Ռուսիա արտահանումը 2021-ի համեմատ գրեթէ երեք անգամ՝ գերազանցելով 4 միլիառ տոլարը։

Անցեալ ամիս Գործադիրը արհեստագիտական սարքերու վերաբերեալ որոշում ընդունեց՝ այդ ազգային անվտանգութեան հարց համարելով։ Ըստ Կառավարութեան՝ բազմաթիւ ապրանքներու արտահանումն ու տարանցիկ փոխադրումը ավելի խիստ պէտք է հսկուի, այսուհետեւ նաեւ համապատասխան թոյլտուութիւններ պէտք պիտի ըլլան։ Նախօրէին ընդունած մէկ այլ որոշմամբ ալ Գործադիրը պարզաբանեց, թէ ինչպէս եւ որու միջոցով պիտի իրականացուի հսկողութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment