Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Էրտողանի Հետ

Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Էրտողանի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ:

Վարչապետը շնորհաւորած է նախագահը Քուրպան Պայրամի առթիւ, իսկ նախագահը շնորհաւորած է վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի առթիւ։

Ղեկավարները քննարկած են իրենց երկիրներուն միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Այս ծիրին մէջ, քննարկուած է դիւանագիտական անձնագրեր ունեցողներու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացման մասին պայմանաւորուածութեան կատարման ընթացքը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին նախագահ Ռեճեպ Էրտողանը յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման գործընթացը, նշուած է թրքական կողմին տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

«Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկկողմ յարաբերութիւնները։ Նախագահ Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման համար մեկնարկած գործընթացին մինչ այժմ վստահութեան ամրապնդման միջոցներ ձեռնարկուած են, եւ այդ գործընթացը պէտք է շարունակուի», կը փոխանցէ «Անատոլու» պետական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահականին հաղորդագրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment