Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստան Տագնապի Առջեւ

Ռուսաստան Տագնապի Առջեւ

by MassisPost

Անցնող շաբաթավերջին աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած էր Ռուսաստանի վրայ, ուր տեղի ունեցան անսպասելի իրադարձութիւններ, որոնք  եկան աւելի եւս թուլացնելու Քրեմլինի  դիրքերը` ներքին ու արտաքին աշխարհին առջեւ:

Տարի մը ու կէս առաջ Ռուսաստան գործեց իր պատմութեան վերջին տասնամեակներու աշխարհաքաղաքական մեծագոյն սխալը` ներխուժելով Ուքրանիա ու չհասնելով իր նպատակադրած ծրագիրներու իրականացման: Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Ռուսաստան ներգրաւեց «Ուէկնըր» կոչուող  վարձկաններու բանակ մը, որուն ղեկավարն էր նախագահ Վլատիմիր Փութինի ամենէն մօտ գործակիցներէն մին` Եւկենի Պրիկոժինը, որ Ռուսաստանէն ներս ու դուրս նշանաւոր դարձաւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ իր ելոյթներով, որոնց մէջ ան կը քննադատէր երկրի ռազմական ղեկավարութիւնը` պատերազմը ճիշտ ձեւով չվարելու եւ Փութինին սխալ տեղեկութիւններ զեկուցելու մէջ: Այս ելոյթները կը հանդրժուէին, նկատելի առնելով որ, «Ուէկնըրի» զինեալները կը կռուէին ճակատի ամենէն թէժ կէտերուն վրայ` հասնելով  որոշ յաջողութիւններու, թէեւ ի գին մեծ թիւով զոհերու:

Պրիկոժին իր խումբ մը զինեալներով Ուքրանիոյ իր կեդրոնատեղիէն անցնելով սահմանի Ռուսական կողմը` առանց մեծ դիմադրութեան գրաւեց Տոնի Ռոստով քաղաքը ու հոն գտնուող զօրանոցը, ուրկէ կը ղեկավարուին նաեւ Ռուսաստանի ռազմական գործողութիւնները:  Պրիկոժին յայտարարեց որ, ի թիրախը Փութինի իշխանութիւնը չէ, այլ` ցոյց տալ ռազմական ղեկավարութեան անկարողութիւնը:

«Ուէկնըր» զինեալները դարձեալ առանց դիմադրութեան հասան Մոսկուայէն 100 քիլոմեթր հերաւորութեան վրայ, ու «քաղաքացիական պատերազմի» ուրուականը սկսաւ երեւնալ Մոսկուայի երկնակամարին վրայ: Սակայն 24 ժամ չանցած Պրիկոժին ետ դարձ կատարելով իր զօրքերով միասին հեռացաւ Տոնի Ռոստովէն ու այժմ ինք կը գտնուի Պելոռուսիա, որուն նախագահ Լուկաշէնքոն եղաւ այն միջնորդը, որ յաջողեցաւ համոզել Պրիկոժին` վերջ տալու իր շարժումին: Ամերիկացի քաղաքական շրջանակներու կարծիքով ապստամբութեան այս էջը փակուած է, սական իշխանութեան համար պայքարը նոր  կը սկսի:

Նոյն մեկնաբաններու կարծիքով Պրիկոժին նման շրջադարձը կրնայ կապուած ըլլալ քանի մը ազդակներու հետ. նախ այն որ,  ան չէր ծրագրած իր քայլերու յաջորդականութիւնը եւ կամ ալ չգտաւ իր ակնկալած ժողովրդային եւ զինուորական աջակցութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Հայութեան, դէպքերու այլ ուղղութիւններով զարգացումը եւ ստեղծուած պայմաններու բերմամբ ռուսական զօրքերու հեռացումը Լեռնային Ղարաբաղէն կրնար աւելի բարդացնել Արցախահայութեան վիճակը,« իսկ Ռուսաստանի աշխատանքային շուկայի փակումը հարիւր հազարաւոր Հայ ընտանիքներու ապրուստը պիտի դնէր վտանգի տակ` մեծ հարուած հասցնելով նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան: Ռուսաստանի ամբողջական տկարացումը չի կրնար նպաստել մեր շահերուն` որքան ալ որ դժգոհութիւններ ունենանք մեր նկատմամբ Մոսկուայի վարած քաղաքականութեան հարցով:

Ի”նչ որ ալ ըլլան պարագաները Ռուսաստան այս դրուագէն դուրս կու գայ աւելի տկարացած, իսկ նախագահ Փութին  այժմ կը գտնուի իր իշխանութիւնը պահելու հարցականին առջեւ, մանաւանդ որ 2024-ի Մարտ ամսուն նախատեսուած են նախագահական յաջորդ ընտրութիւնները:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment