Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան Հանդիպումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան Հանդիպումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

by MassisPost

Գլխաւորութեամբ ատենապետ Դոկտ. Համբիկ Սարաֆեանի, Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին համազգային խորհուրդ մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ համահայկական ճիգով դիմակալել հայրենիքին ու ազգին սպառնացող վտանգները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment