Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Buy Armenian – «Գնել Հայկական» Վաճառատան Պաշտօնական Բացումը

Buy Armenian – «Գնել Հայկական» Վաճառատան Պաշտօնական Բացումը

by MassisPost

ԱՄՆ-ի եւ յատկապէս Կլենտէյլի  առեւտրական տարեգրութեան մէջ, բացառիկ իրադրութեամբ մը, նշուեցաւ Buy Armenian (՚Գնել Հայկականՙ) վաճառատան հանդիսաւոր բացումը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ Հինգշաբթի, Յունիսի 22-ին, 2023  Կենտէյլի մէջ:

Արդարեւ, Կլենտէյլ քաղաքի եւ շրջակայքի հայ գաղութը իսկապէս ապրեցաւ պատմական օր մը: Այդ օր, առաջին անգամ ըլլալով, ներկայ կ՛ըլլանյինք իր տեսակին մէջ աննախադէպ երեւոյթի մը: Այո՛ իւրայատուկ եւ աննախադէպ էր, քանի որ բացումը կը կատարուէր վաճառրատան մը որ տարբեր էր գոյութիւն ունեցող տեղական խանութներէն ու վաճառատուներէն: Տարբերութիւնը՛ անոր հայկականութիւնն էր, հարիւր տոկոսով հայկական: Քանի որ ցուցադրուած եւ վաճառքի հանուած բոլոր ապրանքներու սկզբնաղբիւրը՛ Հայաստանն էր:

Վաճառատան բացման օրը՛ այցելուները սիրալիր կերպով կը դիմաւորուէին հաստատութեան հիմնադիրներուն Նշան եւ Լիլիկ Օտապաշեաններու ու անոնց աշխատակազմին կողմէ: Ընդհանուր մթնոլորտը հայկական էր ներառեալ երաժշտութիւնը, շնորհալի քանոնահարուհի Նեկտարին Չիլեանի քաղցրահնչուն կատարումներով:

Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին Հայաստանի նախկին հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան, Արցախի նախկին առաջնորդ Գերշ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ, հայ մամուլի եւ հեռուստակայաներու ներկայացուցիչներ, արդիւնաբերողներ, գործատէրեր եւ համակիրներ:

Եկեղեցական յատուկ արարողուեամբ մը օրհնուեցան աղն ու հացն ու ջուրը եւ նորահաստատ հայկական վաճառատունը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կարմիր ժապաւէնի հատումը, բուռն ծափահարութիւններով:

Բարի գալուստի խօսքերով հանդէս եկաւ հաստատութեան հիմնադիրներէն Տիկին Լիլիթ Օտապաշեան: Ան ողջունելով ներկաները, պարզեց սոյն ազգօգուտ եւ հայրենանուէր նախաձեռնութեան առաջադրանքները, որ կը միտի քաջալերել հայրենական արտադրութիւնները սատարելով անոր վերելքին, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդումին:

Այս առթիւ սրտի ջերմ խօսքերով ելոյթներ ունեցան նախկին հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան, Էնթընի Փորթանթինօ (որ յանձնեց շնորհաւորական պաշտօնական հռչակագիր մը), Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի անունով՛ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, ու Թորգոմ Եպսի.ի կողմէ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան եւ ուրիշներ: Բոլորն ալ շնորհաւորեցին այս հայրենասէր օգտաշատ նախաձեռնութիւնը եւ անոր բազմաբնոյթ առաւելութիւնը, մաղթելով յարաճուն վերելք եւ նորանոր ձեռքբերումներ: Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցան Նշան Օտապաշեան: Ան յոյս յայտնեց որ այս ներդրումը կ՛արժանանայ համաժողովրդական խրախուսանքի:

Այնուհետեւ ներկաները շրջայց մը կատարեցին նորահաստտատ վաճառատան իրարու կցուած բաժանմուքները: Անոնք հիացումով դիտեցին հայրենի արտադրութններու բազմահարիւր տեսակները եւ ծախու հանուած նմոյշները: Հոն կային Արցախի եւ Հայաստանի մէջ շինուած հայկական գորգեր, զգեստներ, պայուսակներ: Իսկ մանուկներու յատուկ դաստիարակչական արդիական պիտանի առարկաներ, գոհարեղէններու բաժնին մէջ կային ապարանջաներ, մանեակներ, օղեր եւ բարձր ճաշակի այլ զարդեղէններ, շապիկներ, շարֆեր, յախճապակեայ տնային ու խոհանոցային առարկաներ եւ բազմատեսակ այլ իրեր: Ուտեստեղէնի, պահածոյ ապրանքներու եւ ըմպելիներու բաժին չկար: Ուշագրաւ էին միայն փոքր եւ գեղեցիկ պարկերու մէջ դրուած հայրենի երկրագործական արտադրատեսակներէն չոր պտուղներու նմոյշները: Այլ խօսքով եղածը՛ ակներեւ եւ հպարտառիթ հայկական համապարբակ տաղաւար:

Կը շնորհաւորենք Buy Armenian-ի հիմնադիր Տէր եւ Տիկ. Նշան եւ Լիլիթ Օտապաշեաններն ու իրենց ընտանիքի  անդամները, մաղթելով բարի երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ ու յարաճուն վերելք իրենց այս յոյժ ազգօգուտ նախաձեռնութեան:

Միշտ ի մտի ունեցէք նաեւ «Գնել Հայկական»ի հասցէն՛

Buy Armenian
3728 San Fernando Road
Glendale, CA

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment