Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Գոնկրէսականը Առաջարկած Է ԼՂ Ուղարկել Գոնկրէսի Պատուիրակութիւն՝ Տեղւոյն Վրայ Գնահատելու Իրավիճակը

ԱՄՆ Գոնկրէսականը Առաջարկած Է ԼՂ Ուղարկել Գոնկրէսի Պատուիրակութիւն՝ Տեղւոյն Վրայ Գնահատելու Իրավիճակը

by MassisPost

ԱՄՆ Գոնկրէսին մէջ կայացած «Պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին» թեմայով լսումներու  ժամանակ ԱՄՆ Հանրապետական Կուսակցութեան անդամ Սեմ Պրոունպեքը անդրադարձած է  Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու կարգավիճակին՝ նշելով, որ այնտեղ ապրող հայերը քրիստոնեայ բնակչութիւն են, որուն կը սպառնայ տարածաշրջանէն արտաքսում։ «Ատրպէյճանը կը պատրաստուի փակելու տարածքը՝ բնակչութեան ուղղակի ստիպելով հեռանալ եւ չվերադառնալ, անոնք պիտի ցրուին աշխարհով մէկ եւ պիտի ստեղծեն սփիւռքի այլ օճախներ։

«Կը պատրաստո՞ւինք արդեօք մենք թոյլ տալու եւս մէկ քրիստոնեայ բնակչութեան ըլլալ վտարուած իրենց հայրենիքէն։ Այս ամէնը կ’իրականացուի ամերիկեան կամ իսրայէլեան  զինամթերքի օգնութեամբ, որուն կը տիրապետեն ատրպէյճանցիները։ Կը կարծեմ, որ եթէ Ատրպէյճանը չվերացնէ շրջափակումը, ապա նախագահ Պայտընի վարչակազմը պէտք է գործողութեան մէջ դնէ 907-րդ ուղղումը», ըսած է գոնկրէսականը։

Ան նաեւ առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկել Գոնկրէսի պատուիրակութիւն՝ տեղւոյն վրայ գնահատելու իրավիճակը։

Պրոունպեքը յառաջ քաշած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու կրօնական ազատութեան հարցը եւ նշած է, որ ամերիկեան կրօնական համանքը պէտք է օգնէ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի  ժողովուրդին կրօնական ազատութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment