Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Ժամանած Է ԱՄՆ Քանզասի Նահանգապետ Լորա Քելին

Հայաստան Ժամանած Է ԱՄՆ Քանզասի Նահանգապետ Լորա Քելին

by MassisPost

ԱՄՆ դեսպանութիւնը կ’ողջունէ Քանզասի նահանգապետ Լորա Քելին Երեւանի մէջ։ Նահանգապետ Քելին Հայաստան ժամանած է՝ մասնակցելու նահանգային գործընկերութեան նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ Քանզասի եւ Հայաստանի միջեւ փոխգործակցութեան ծրագրի 20-ամեայ յոբելեանը նշանաւորող միջոցառումներուն։

Քանզաս նահանգի եւ Հայաստանի միջեւ փոխգործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները քննարկելու նպատակով նահանգապետ Քելին պիտի հանդիպի ՀՀ պաշտօնատար անձերու, Զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու, գործարար համայնքին հետ եւ պիտի այցելէ Հայաստանի ազգային հողագործական համալսարան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment