Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանի Անունը Իրաւապահները Կը Կապեն Եւս Մէկ Քրէական Գործի Հետ

Սերժ Սարգսեանի Անունը Իրաւապահները Կը Կապեն Եւս Մէկ Քրէական Գործի Հետ

by MassisPost

Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունը իրաւապահները կը կապեն եւս մէկի հետ։ Գլխաւոր Դատախազութիւնը հաղորդեց, որ քրէական գործ յարուցուած է 19 տարի առաջ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ անշարժ գոյքի գործարքի մը առնչութեամբ։

2004 թուականին Սարգսեանը կը ղեկավարէր ռազմական գերատեսչութիւնը։ Պաշտօնաթող նախագահին մեղադրանք դեռ չէ ներկայացուած։ Քրէական գործը յարուցուած է պաշտօնական լիազօրութիւնները անցնելու յօդուածով։

Շինութիւնը կը գտնուի Նոր Նորքի «Տիգրան Մեծի անուան զբօսայգի»ի տարածքին մէջ։ Իրաւապահները կը պնդեն, որ Քրետիթ-Երեւան դրամատան հետ գործարքը կնքած է Սերժ Սարգսեանի լիազօրուած անձը։ Դատախազութեան հաղորդմամբ՝ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Քրետիթ-Երեւան դրամատունէն կէս միլիոն տոլար պարտքի դիմաց վերցուցած է այգիի տարածքին մէջ գտնուող եւ դրամատան պատկանող աւելի քան 440 քառակուսի մեթր մակերեսով շինութիւնն ու նոյն գոյքը մէկ ամիս անց 5.5 անգամ էժան գինով՝ ընդամէնը 90 հազար տոլարով վաճառել Անելիք դրամատան։

Իրաւապահները կը հաղորդեն նաեւ, որ «Տիգրան Մեծի անուան զբօսայգի»ի վաճառուած տարածքը տարիներ առաջ առանձնացուած է այգիի սահմաններէն եւ դասակարգուած է որպէս հասարակական կառուցապատման հողամաս: 2005 թուականին Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետն ալ Անելիք դրամատան տեղեկացուցած է, որ տարածքը կրնայ օտարուիլ, քաղաքապետարանն ալ հողամասը դրամատան վաճառած է աւելի քան 2 միլիոն դրամով եւ արդէն 2018-ին դրամատունը այս գոյքը վաճառած է աւելի քան 100 անգամ բարձր գինով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment